- Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակին առթիւ, «Հայաստան» Հրատարակչատունը լոյս ընծայած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Ջ. Գրիգորեանի «Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը եւ Արեւմտահայութիւնը» գործը։ Երկասիրութեան առաջին գլուխը նուիրուած է 1908 թուականին իշխանութեան գլուխ եկած Երիտասարդ Թուրքերու վարած քաղաքականութեան, որ շարունակութիւնն էր Սուլթան Համիտի ջարդարարական քաղաքականութեան՝ հպատակ ժողովուրդներուն եւ յատկապէս հայութեան նկատմամբ։ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի նախօրեակին Թուրքիոյ մէջ երթալով աւելի մոլեռանդ բնոյթ կը ստանայ փանթուրանական ցեղապաշտ գաղափարախօսութիւնը։ Պատերազմէն շատ առաջ, ինչպէս ցոյց կուտան գիրքին մէջ տրուած վաւերագրային բազմաթիւ նիւթերը, արդէն ծրագրուած էին հայոց տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը։ Երկրորդ գլուխին մէջ կը խօսուի այն հանգամանքներու մասին, որոնց հետեւանքով Հայկական Հարցը կրկին աշխարհակալ պետութեանց «գուրգուրանք»ին առարկայ կը դառնայ։ Երրորդ գլուխը յատկացուած է 1915ի Եղեռնին։ Չորրորդ գլուխին մէջ ցոյց տրուած է, թէ Մեծ Եղեռնը թուրք բարբարոսներուն կողմէ իրագործուեցաւ աշխարհակալ պետութեանց մեղսակցութեամբ։ Հինգերորդ գլուխը կը վերաբերի Հայաստանի հանրապետութեան անցքերու վերլուծման։