Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- «Հայրենիք»ի 2 Յուլիսի թիւին մէջ կը կարդանք.- Հ. Օ. Միութեան 45րդ Պատգամաւորական ժողովին փակման եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 72րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման միացեալ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հացկերոյթով, Յունիս 29ի երեկոյեան, քաղաքին «Ռոմա» շքեղ սրահին մէջ, աւելի քան չորս հարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ: Հանդիսութեան բացումը կատարեց Ռոստոմ Թանտըրճեան, ապա ատենապետութիւնը յանձնեց Ասատուր Կիրակոսեանի: Յաջորդաբար խօսք առին յանուն Հ.Օ. Միութեան Ս. Մխիթարեան եւ յանուն Հ.Ե.Դ.ին՝ Յ. Մուրատեան: Յանուն ամերիկահայ կիլիկեան թեմին եւ Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ՝ հաւաքոյթը ողջունեց Սուրէն Ա. քհնյ. Բաբախեան: Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ Կարօ Սասունի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեան ողջունեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատգամաւորական ժողովը եւ ամերիկահայութիւնը՝ յանուն Մերձաւոր Արեւելքի մեր ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն: Ատենախօսեց Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետը՝ Սեդրակ Մինաս: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա պատգամաւոր ընկերները ձեռնարկեցին իրենց նախնական աշխատանքներուն:

- Նոյն օրուան թիւին մէջ կը նշուի. - Հայ Օգնութեան Միութեան 45րդ Պատգամաւորական ժողովի հինգերորդ եւ վեցերորդ նիստերը տեղի ունեցան Երեքշաբթի: Պատգամաւորական ժողովը նկատի առաւ Պոսթընի մօտ «Հայաստան» Քեմփին կարեւորութիւնը հայապահպանման համար եւ որոշեց շարունակել իր նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը այդ կարեւոր հաստատութեան: Կրթական հարցին առնչութեամբ, որոշեց կազմել ուսումնական ուրոյն յանձնախումբ մը՝ մասնակցութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, վարելու համար արդէն գոյութիւն ունեցող դպրոցները եւ նորեր եւս հաստատելու համար: Պատգամաւորական ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները նոյն կանոնաւորութեամբ ու եռանդով: