Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունաստանի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանը Նանսէնի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպեց յիշատակի երեկոյ մը կաթողիկէ հայոց հաստատութեան սրահին մէջ, ի ներկայութեան բարձրաստիճան օտար հիւրերու, ազգային պաշտօնական մարմիններու եւ յոգնախուռն բազմութեան մը:

Անոնցմէ էին Նորվեկիոյ դեսպանը՝ իր տիկնոջ հետ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, կաթողիկէ նպաստամատոյց կազմակերպութեան տնօրէնը, Գոքինիոյ հայկական ծերանոցի տնօրէնը: Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին նաեւ՝ յունահայ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, Տ. Խորէն քհնյ. Միսաքեան, Տուղութիի Թաղային խորհուրդը, Հայ կաթ. եկեղ. հոգաբարձութիւնը, կրթական, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութիւնները: Հանդէսին կը նախագահէր կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր առաջնորդ՝ գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Խանցեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ հայոց ժողովրդապետ գեր. Յովհ. վրդ. Գոյունեանը: Հանդէսին բացումը կատարեց տոքթ. Ժագ Զաքարեան, որ տպաւորիչ բանախօսութիւն մը կատարեց յունարէն լեզուով, ներկայացնելով Նանսէնը: Անմիջապէս ետք, գերյ. Խանցեան վարդապետ, ֆրանսերէն լեզուով անդրադարձաւ Նանսէնի կեանքին: Վերջացնելէ առաջ իր խօսքը, վարդապետը խնդրեց Նորվեկիոյ դեսպանէն, հայ ժողովուրդի երախտագիտական ջերմ զգացումներուն թարգմանը հանդիսանալ, Գաղթականներու յատուկ՝ Նորվեկիական խորհուրդին մօտ, որ հաւատարմօրէն կը շարունակէ անմահն Նանսէնի գործը: Ապա՝ խօսք առաւ հայերէն լեզուով կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ՝ գեր. Յովհ. վրդ. Գոյունեան, որ անդրադարձաւ Նանսէնի կեանքին եւ յիշեց անոր քաջալերական խօսքերը՝ ուղղուած հայութեան. «Ինքզինքը պաշտպանելու կամքը ապացոյց է որ, հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ապրելու»: Յաջորդաբար խօսք առին Նորվեկիոյ դեսպանը ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը: