- Ֆրանսայի Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Նոր Սերունդ»ի օրկան «Հայաստան» շաբաթաթերթի 10 Յունիսի թիւին մէջ Ժ. Միրիճեան «Ազդակ» 39րդ Տարուան Սեմին խորագրին ներքեւ կը գրէ.- Պէյրութի մեր պաշտօնակիցը՝ «Ազդակ», Յունիս 1ին թեւակոխեց իր հրատարակութեան 39րդ տարին: Եւ դարձաւ պաշտօնական օրկանը Հ. Յ. Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին: Երեսունեւութ տարիէ ի վեր, իբրեւ մեր կազմակերպութեան կիսապաշտօնական օրկաններէն մին եւ հայ ժողովուրդի ու Հայ Դատի ծառայութեան կոչուած ամէնէն գաղափարանուէր հրատարակութիւններէն մէկը, «Ազդակ», ի շարս դաշնակցական միւս թերթերուն, խորհրդանշեց ազգային մեր կենսունակութիւնը, ցեղային մեր արթնութիւնն ու հաւատքը, Դաշնակցութեան նուիրումի եւ զոհաբերութեան ոգին: «Ազդակ»ի հրատարակութիւնը անհրաժեշտ պահանջի մը արդիւնքն էր: Այդ օրերուն Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ համախմբուած եւ յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ կեդրոնացած տարագիր ու աստանդական հոծ զանգուած մը, հիւծած ու շուար, վերապրումի առաջին փորձերը կը կատարէր: Գաղութը 38 տարի առաջ դեռ նոր կը սկսէր գոյն եւ դիմագիծ ստանալ: Ձեւ ու մարմին առնել՝ հիմնելով ազգային կրթարաններ, եկեղեցիներ, ակումբներ եւ մամուլ: «Ազդակ», ինչպէս բովանդակ դաշնակցական մամուլը, հրապարակ ելաւ սրբազան պարտականութիւն մը կատարելու գիտակցութեամբ ու վճռակամութեամբ: Եւ իբրեւ դրամագըլուխ ունեցաւ միայն յեղափոխական աւանդութիւններու կառչած սերունդի մը հոգեկան արիութիւնը, նուիրումի եւ զոհաբերութեան ոգին: Այդ սերունդին հաւատքը՝ ապագայի նկատմամբ: Իր դրամագլուխը կազմեց նաեւ մեր կազմակերպութեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հմայքը եւ, մանաւանդ, Դաշնակցութեան ազգային հանգանակը: Ու հակառակ իր դէմ ցցուած խութերուն եւ խիճերուն, «Ազդակ» երեսունեւութ տարի շարունակաբար կատարեց իր կոչումին համապատասխան աշխատանք մը՝ թրծելով եւ դաստիարակելով ամբողջ սերունդ մը Միջին Արեւելքի այդ ափերուն վրայ: