Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւանի մէջ, լոյս տեսած է փրոֆ. Մ. Սանթրոսեանի նոր գիրքը՝ «Արեւելահայ դպրոցը ԺԹ. դարու առաջին կիսուն», ստուարածաւալ աշխատութիւնը։ ԺԹ. դարու առաջին կէսը հայութեան համար եղած է տառապանքներով եւ ազատագրական պայքարի ընդվզումներով լի ժամանակաշրջան մը։ Ըստ երեւոյթին, ֆիզիքական բնաջնջման ամէնօրեայ վտանգին տակ գտնուող մեր ժողովուրդը ժամանակ եւ պատեհութիւն պիտի չունենար մտածելու իր հոգեւոր սնունդին մասին։ Սակայն, գիրքին վաստակաւոր հեղինակը դարաւոր փոշիէն, մոռնալու դատապարտուած փաստաթուղթերէն եւ դիւաններէն երեւան հանած վաւերագիրներուն շնորհիւ ցոյց կուտայ, թէ ահաւոր եւ օրհասական այդ օրերուն մեր ժողովուրդը մտածած է նաեւ հայ դպրոցի մասին։ «Հայրենի հողից պոկուած եւ աշխարհի ամէնահեռաւոր անկիւնները նետուած հայերի՝ իրենց ազգային ինքնուրոյնութիւնն ու լեզուն ինչ գնով էլ լինի պահպանելու տոկուն, երբեմն էլ անյուսալի ճիգերի օրինակ կարող է ծառայել անցեալ դարի 50ական թուականներուն ամենահեռաւոր հայկական գաղթավայրում՝ Ինտոնեզիայի Ճավա կղզու Պաթաւիա (Ճակարթա) քաղաքում հայկական դպրոց հիմնելը»,- կը գրէ հեղինակը։ Գիրքին մէջ իրենց պատշաճ տեղը գրաւած են հայկական հինգ կարեւոր թեմերը՝ իրենց դպրոցական եւ կրթական կեանքով։ Հոս նիւթեր կան Վրաստանի, Երեւանի, Ղարաբաղի, Շամախի, Աստրախանի, Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ Հայկ. Թեմերու, Պարսկաստանի եւ Հնգկաստանի հայկական գաղութներու դպրոցներուն, անոնց հիմնադրութեան, գոյութեան միջոցներուն, ուսումնական վիճակին, դասաւանդուած նիւթերուն եւ դասագիրքերուն մասին։ Հեղինակը հանգամանօրէն կը խօսի կարգ մը կրթարաններու մասին՝ ինչպէս Էջմիածնի Ժառանգաւորաց, Աստրախանի Աղաբաբեան դպրոցները, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, Երեւանի եւ Շուշիի թեմական դպրոցները։