- Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 19 Յունիս 1965, երեկոյեան ժամը 6:00ին, քոլեճի բակին մէջ, հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ Արքեպիսկոպոսի: Հանդէսին ներկայ էր քոլեճի ազգային բարերար, պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան: Բակը ամբողջութեամբ լեցուն էր ծնողներով: Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան ազգային քայլերգով: Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Ծնողներ մեծ հաճոյքով դիտեցին իրենց փոքրիկներուն արտասանութիւնները, խաղերը, մարզանքները, պարերը, տողանցքն ու այլ շնորհները: Վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Էլիզ Պուլտուքեան իր կարելին ըրած էր, որպէսզի գոհ մնային ծնողները: Քոլեճի տնօրէն Եդուարդ Էլոյեան կարդաց տեսչական տեղեկագիրը, որմէ բացայայտօրէն պարզուեցաւ, թէ գոհացուցիչ աշխատանք տարուած է անցնող տարեշրջանին: Յայտագրի վերջաւորութեան Յակոբ Գարաօղլանեան կարդաց խնամակալութեան տեղեկագիրը: Խնամքով պատրաստուած տեղեկագրէն պարզուեցաւ, որ խնամակալութիւնը իր կարելին ըրած է, որպէսզի քոլեճը ունենայ բարձր մակարդակ: Իր տեղեկագրի վերջաւորութեան Յ. Գարաօղլանեան շեշտեց. «Ամէն ջանք պիտի թափենք հասցնելու համար Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճը այն բարձրութեան, որուն բոլորս կը բաղձանք»: 22 փոքրիկներ ստացան վկայական: