Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ, Նոյեմբեր 12-ին տեղի ունեցած է Հոլանտայի հայոց ընդհանուր ժողովը: Հակառակ աննպաստ օդին, մօտաւորապէս 30 հայրենակիցներ պատասխանած են հրաւէրին:
Ժողովին նախագահած է մեթր Էտկար Զոհրապեան: Որոշուած է յառաջիկայ տօներուն առթիւ հոգեւոր հովիւ մը հրաւիրել: Տեղւոյն վրայ հանգանակութիւն կատարելով հաւաքուած է շուրջ 4000 կոլտն: Ժողովը զբաղած է գաղութը հետաքրքրող կենսական ուրիշ հարցերով ալ: Հոլանտայի մէջ ներկայիս կը բնակին 145 հայ ընտանիքներ՝ շուրջ 300 հոգի:
«Յուսաբեր» կը գրէ.- Երէկ՝ Գահիրէի Ճարտարագէտներու թատերասրահին մէջ Հայաստանի պետական պարախումբը ներկայացուց իր յայտագիրը եւ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն: Գահիրէի հայութիւնը անգամ մը եւս ապրեցաւ գեղարուեստական անմոռանալի պահեր եւ ըմբոշխնեց հայ երգին ու պարին վայելքն ու թովչանքը: Խմբապարերէն առանձնապէս յաջող էին «Բերդ պարը», «Զանգեզուրի պար»ը, «Կախարդական պարը», «Հովիւներու պար»ը, «Լոռուայ պարերը» եւ «Հեծեալներու պարը»: Յաջող էր նոյնպէս «Քարաւան» երաժշտական պատկերը:
Վերջերս տեղի ունեցաւ Պէյրութի հայագիտական կաճառի 1961-1962 տարեշրջանի բացման ասուլիսը, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ: Ասուլիսը նուիրուած էր Մխիթարեաններու չորս յոբելեաններուն: Հայր Մըսըրեան նախ ոգեկոչեց ներկայ տարուան ընթացքին վախճանած հայագէտ մտաւորական եւ հոգեւորական դէմքերը, յիշեց՝ Յովսէփ Օրբէլին, Պոլսոյ պատրիարքը, հայր Պօղոս Արիսը, Քիւրքճեանը եւ այլն: Հայր Մըսըրեան յետոյ մանրամասն թուեց Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու բազմամեայ գործունէութիւնը եւ տեղեկութիւններ տուաւ յոբելեաններու մասին: Լուսապատկերով պաստառի վրայ ցուցադրեց մխիթարեան անմահները: