Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի Յունիս 11ի թիւին մէջ լոյս տեսած է հետեւեալ թղթակցութիւնը՝ Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ»ի Պատգամաւորական ժողովի մասին.- Ֆրանսայի կլանող միջավայրին մէջ «Նոր Սերունդ»ի միջոցով հայ երիտասարդութեան հաւատարմութիւնն ու հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ մեր «փոքր ածուին», կը խանդավառէ մեզ՝ իբրեւ վկայութիւնը այն իրողութեան, որ գաղափարական երիտասարդութիւնը, բոլոր երկինքներու տակ, լաւագոյն գրաւականն է հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային: Հոգեգալուստի օրերուն Փարիզի մէջ գումարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նոր Սերունդ»ի 16րդ Պատգամաւորական ժողովը: Եռօրեայ յաջորդական նիստերուն մասնակցեցան 21 խումբերու պատգամաւորներ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ»ի Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ «Յառաջ»ի եւ «Հայաստան»ի ներկայացուցիչները: Եռօրեայ աշխատանքներուն նոյնպէս մասնակցեցան երէց եւ երիտասարդ հրաւիրեալներ ու բազմաթիւ նոր-սերնդականներ: Առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ առաւօտ: Բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, որ այս առթիւ կարեւոր նկատեց դաշնակցական երիտասարդական այս կազմակերպութեան ազգային առաքելութիւնը: Շեշտեց նոյնպէս, որ Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ»ին հիմնական առաջադրութիւններուն մաս կը կազմէ ֆրանսական մշակոյթին ծանօթացումը հայ երիտասարդութեան եւ, փոխադարձաբար, հայ արժէքներու ծանօթացումը՝ ֆրանսական շրջանակներուն: Յաջորդաբար կարդացուեցան բարոյական գործունէութեան միամեայ տեղեկագիրները եւ նիւթական գործառնութեան հաշուեկշիռները: Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ»ի 16րդ Պատգամաւորական ժողովը առիթ մը եղաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ երիտասարդական այս կազմակերպութիւնը իր գոյութեան քսան տարիներու ընթացքին կատարած է նախախընամական դեր նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, ազգային դիմագիծի պահպանումին եւ, յատկապէս, Հ.Յ. Դաշնակցութեան համահայկական գաղափարներու տարածման եռեակ մարզերուն մէջ: