Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի Պետական Համալսարանի հիմը առաջին անգամ դրուած է Հանրապետութեան օրով։ 1922ի ատենները համալսարանը ունէր միայն երկու ճիւղ՝ բնագիտական եւ հասարակագիտական¬գրական եւ 490 ուսանող։ Ներկայիս Երեւանի Պետ. Համալսարանը միջազգային առումով ուսումնական կարեւոր կեդրոն մըն է, ուր կը սորվին շուրջ 7700 երիտասարդներ։ Համալըսարանը ունի 11 ճիւղեր, որոնք մասնագէտներ կը պատրաստեն գիտական բոլոր մարզերուն համար ¬ ուսանողագիտութիւն, մեքենագիտութիւն, բնախօսութիւն, քիմիագիտութիւն, երկրաբանութիւն, կենսաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, տնտեսագիտութիւն, պատմութիւն, բանասիրութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։ Դասաւանդութիւններու հիմնական լեզուն հայերէնն է, որուն կողքին կան նաեւ մասնաբաժիններ, ուր դասաւանդութիւնները կը կատարուին օտար լեզուներով ¥ռուսերէն եւ ուրիշ¤։ Համալսարանի ուսանողներէն 4000ը կը հետեւին ամբողջօրեայ, իսկ 3700ը՝ գիշերային կամ թղթակցութեամբ տեղի ունեցող դասաւանդութիւններու։ Ուսանողութեան համար ստեղծուած են բոլոր յարմարութիւնները։ Գիւղերէն կամ ուրիշ քաղաքներէն եկած ուսանողներ իրենց տրամադրութեան տակ ունին բարեկարգ հանրակացարաններ։ Համալսարանը ունի գրադարան՝ մէկ միլիոն գիրքերով, ընթերցասրահներ եւ տարրալուծարաններ։ Առաջին օրէն իսկ գործի կանչուած են մասնագէտ դասախօսներ։ Յիշատակենք քանի մը անուններ, Լէօ, Յ. Մանանդեան, Հր. Աճառեան, Ստ. Ղամբարան, Արշակ Տօնեան, Գր. Չուբարեան եւ դեռ ուիշներ։ Նկատի առնելով ուսանողութեան մեծ թիւը եւ, մանաւանդ, ամէն տարի աւելցող ուսանողներու համալսարան մուտքի դիմումները, ամբողջ թաղամաս մը յատկացուած է ապագայ համալսարանին համար։ Երեւանի համալսարանը հայ ժողովուրդին պատիւ բերող կրթական բարձր հաստատութիւն մըն է։