Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հայաստան այսուհետեւ մաս կը կազմէ ինքնաշարժով կատարուած միջազգային զբօսաշրջիկութեան գօտիին։ Հիւսիսէն՝ Ատրպէյճանի սահմանէն կը սկսի 170 քիլոմեթրնոց ճամբայ մը, ուրկէ դէպի Երեւան գացող զբօսաշրջիկները պիտի կարենան տեսնել Դիլիճանի գեղատեսիլ կիրճն ու ջերմակայանը, Սեմենովեան կիրճը եւ Սեւանայ լիճը։

- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան սկսած է հրատարակել «Աստրոֆիզիքա» գիտական հանդէսը, որուն խմբագրապետն է Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէնը՝ Վիքթոր Համբարձումեան։ Այս վերջինը յայտարարած է թէ հանդէսը նիւթեր պիտի հրատարակէ աստղաբնագիտութեան զանազան մարզերուն մէջ խորհրդային աստղաբնագէտներու հետազօտութիւններու մասին։

- 7 հայ ճարտարապետներ պիտի մասնակցին այն մրցանակաբաշխութեան, զոր Հունգարիոյ ճարտարապետներու միութիւնը կազմակեպրած է Պուտափէշտի Ազգային թատրոնի նախագիծին պատրաստութեան  համար։ Անոնց ամէնէն երէցը 36 տարեկան Մարթին Միքայէլեանն է, որ ճարտարապետական գրասենեակի մը վարիչն է։ Անոր հետ կը գտնուին Ռոլան Պաղտասարեան, որ պատրաստած է ներկայիս կառուցուող Լենինականի Տրամաթիկական Թատրոնին նախագիծը, Արթիւր Թարխանեան, Հրաչեայ Պօղոսեան եւ Սպարտակ Խաչիկեան, որոնք հեղինակներն են Երեւանի մէջ կառուցուելիք երկու սրահով փանորամիկ սինեմային, որ 2600 աթոռ պիտի ունենայ։ Ասոնցմէ զատ, մրցանակաբաշխութեան պիտի մասնակցին նաեւ Մաշապէ Մանուէլեան, որ վերջերս պատրաստած է Երեւանի մօտերը կառուցուելիք Ռատիոֆիզիկայի հիմնարկին նախագիծը, եւ Մաշուր Գալաշեան, որ մասնակցած է Երեւանի մէջ 27 հազար բնակիչներու համար կառուցուելիք թաղամասի նախագիծին պատրաստութեան։ Հայ ճարտարապետները երեք նախագիծ պիտի ներկայացնեն մրցանակաբաշխութեան։