Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդը նիստ գումարեց եւ միաձայնութեամբ վաւերացուց հաշտարար ուժերու Կիպրոս բնակութեան վեց ամիսով երկարաձգումը։ Քուէրակութենէն առաջ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները յայտարարեցին՝ թէ կը յուսան, որ յառաջիկայ ամիսներուն Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ տեղի ունենալիք ուղղակի բանակցութիւններով կարելի պիտի ըլլայ լուծում մը գտնել Կիպրոսի հարցին։ Վաւերացուած որոշման մէջ կը կրկնուի 1964 Մարտի որոշման մէջ գոյութիւն ունեցող թելադրանքը, թէ շահագրգռուող կողմերը պէտք է շարունակեն իրենց քայլերը զսպել։ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը՝ պրն. Էրալփ, շեշտեց, թէ Յունաստան եւ Թուրքիա այս ցաւալի հարցին լուծում մը գտնելու նպատակով բանակցութեանց սկսած են։ Յունաստանի ներկայացուցիչ պրն. Լիաթիս յայտարարեց, թէ Յունաստան համաձայն է Թուրքիոյ հետ, դիւանագիտական գետնի վրայ սկսելու բանակցութեանց, որոնցմով կացութեան բարելաւման ու կիպրական տագնապի լուծման ճամբան պիտի բացուի։ Իսկ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար պրն. Քիփրիանու ամբաստանեց Թուրքիան ըսելով, որ արգելք կը հանդիսանայ Կիպրոսի մէջ բնականոն կեանքի վերահաստատման։ Պրն. Քիփրիանու  գովքը հիւսեց Մ.Ա.Կ.ի միջնորդ պրն. Փլազային։

- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան լոյս ընծայած է ուսումնասիրութիւն մը, որ նուիրուած է Ղարաբաղի լեռնային շրջանին մէջ խօսուած Ադրուտեան բարբառին։ Աշխատութեան հեղինակը՝ լեզուաբան Արմենակ Պօղոսեան, վերլուծած է այս բարբառին հնչականութիւնը, բառերը, անոնց ձեւագիտութիւնն ու համադրութիւնը, եւ բառարան մը կազմած է։ Շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը՝ «Քեսապի բարբառը», որուն հեղինակն է Քեսապցի Ալեքսանդր Փաշայեան։ Այս նիւթերը ապագային պիտի ծառայեն բարբառագիտական ատլասի մը կազմութեան։