Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Երեւանի Պատմութեան Թանգարանը վերջերս ցուցադրած է արտասահմանէն ստացած իր արժէքաւոր իրերն ու նիւթերը։ Երկու տարիէ ի վեր արդէն ցուցադրութեան դրուած են Ռուբինեան իշխաններու դրօշը, Զէյթունի քարտէսը, Սիամանթոյի մօր զգեստը, հայկական հին դրամներու հաւաքածոներ։ Նուէրներու ցուցահանդէսին մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն զօր. Անդրանիկի անձնական իրերը, ադամանդազարդ սուրը, անոր գործունէութեան հետ կապուած փաստաթուղթերն ու վաւերագիրները։ Ներկայիս յատուկ բաժին մը յատկացուած է 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ժողովուրդի պատմութեան։ Առաջին մասը կը պատկերացնէ անցեալ դարու 90ական թուականները։ Զանազան նկարներ ցոյց կուտան Արեւմտահայութեան դժնդակ վիճակը, Սուլթան Համիտի վայրագութիւնները եւայլն։ Ապա յաջորդաբար ներկայացուած են 1909ի Ատանայի ջարդը, 1915ի Մեծ Եղեռնի հետ կապ ունեցող փաստաթուղթեր, ինքնապաշտպանողական կռիւներ, քարտէս մը, ուր ցուցադրուած են արտասահմանի բոլոր հայ գաղութները, քաղաքները, գիւղեր եւայլն։

- Ամերիկայի երկու աստղանաւորդները՝ Մաք Տիվիթ եւ Հուայթ օդային գծով ժամանեցին Շիքակօ։ Օդանաւակայանին մէջ աստղանաւորդները ընդունուեցան Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ պրն. Համֆրէյի կողմէ։ Աստղանաւորդները ապա ինքնաշարժ մտնելով՝ թափօրով անցան քաղաքի փողոցներէն, ուր խանդավառ ցոյցերու առարկայ եղան հարիւր հազարաւոր ժողովուրդի կողմէ։ Քաղաքապետութեան ներկայացուցիչին հաշուով՝ երկու աստղանաւորդները դիմաւորելու համար փողոցները հաւաքուած ժողովուրդը երկու միլիոնի մօտ էր։ Երկու աստղանաւորդները Շիքակոյի պատուակալ քաղաքացի հռչակուեցան։