Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հայաստանի «Հայֆիլմ»ի սթիւտիոները առաջին անգամ ըլլալով ֆիլմի պիտի վերածեն դասկան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի գործերը։ Սենարիոն ու բեմադրութիւնը ստանձնած է ազգային օփերայի բեմադրիչ Հրաչեայ Գափլանեան, որ սինեմայի մէջ մուտք գործած է իր «Պոլսական փորձեր» ֆիլմով։ Երեւանի տրամաթիկական թատրոնի լաւագոյն դերասանները հրաւիրուած են գլխաւոր դերերը ստանձնելու։

- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից¬անդամ Գուրգէն Սեւակ եւ փրոֆ. Մուշեղ Սանտրոսեան, Խաչատուր Աբովեանի անուան 1964ին հաստատուած մրցանակը ստացող առաջին ուսուցիչները եղած են։ Հանրային կրթութեան նախարարը այս շքանշանը անոնց յատկացուցած է ուսման մարզին մէջ իրենց մատուցած արդիւնաւէտ ծառայութիւններուն համար։ Գուրգէն Սեւակ հեղինակն է աւելի քան հարիւր գիտական աշխատութիւններու, որոնք մանկավարժութեան, լեզուաբանութեան ու գրական քննադատութեան մարզին կը վերաբերին։ Մուշեղ Սանտրոսեան հեղինակն է մեծ թիւով դասագիրքերու, որոնք երկրորդական ու բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մէջ կը գործածուին։

- Ֆրանսական կառավարութիւնը, գնահատելով յայտնի դաշնակահար Ռաֆֆի Պետրոսեանի 35 տարուան երաժշտական գործունէութիւնը եւ ֆրանսական երաժշտութեան աշխարհի մէջ տարածման համար անոր տարած աշխատանքը, յառաջդիմութեան եւ քաջալերութեան Վերմէյ կարգի շքանշանը շնորհած է անոր։ Այս շքանշանին արժանացած են՝ Ալպէր Շվայցէր, Ժգալին Օրիոլ, Մարսէլ Փանիոլ եւ Փոլ¬Էմիլ Վիքթոր։

- Փարիզի Կալըրի Ժերար Մուրկի մէջ, ցուցադրուած են գործերը լիբանանցի նկարիչներու, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ չորս լիբանահայ նկարիչներ, Հրայր Տիարպեքիրեան, Փոլ Կիրակոսեան, Պզտիկեան եւ Ժերանեան։