Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Թեհրանահայոց առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեան վերջերս հովուական այցելութիւն տուաւ Փեհլեւիի եւ Ռաշտի հայ համայնքին: Երկու շրջաններուն մէջ ալ սրբազանը հանդիպումներ ունեցած է հոգաբարձութեանց  անդամներուն եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:

Փեհլեւիի հոգաբարձութեան անդամներէն Սարգիսեան, որ ընկերակցած է սրբազանին այս այցելութեանց ընթացքին, ի պատիւ առաջնորդ հօր ճաշկերոյթ մը տուած է, որուն հրաւիրուած են Գիլանի նահանգապետը եւ պետական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Կենացներ խմուած են շահի եւ հայեւպարսիկ բարեկամութեան համար: Թեհրան վերադարձին Արտակ սրբազան տուած է հետեւեալ տեղեկութիւնները.- Ռաշտի մէջ հաստատուած են 165 հայ ընտանիքներ, իսկ Փեհլեւիի մէջ՝ 63: Այս երկու համայնքներն ալ քահանայ չունին, իսկ Ռաշտը եկեղեցի ալ չունի: Ռաշտի մէջ 7 տարի առաջ սկսած են եկեղեցիի շինութեան, սակայն կիսատ մնացած է: Ռաշտը ունի սքանչելի գրադարան մը, ուր կարելի է գտնել հազուագիւտ գիրքեր: Ռաշտի ազգային դպրոցը ունի 70 աշակերտ, իսկ Փեհլեւին՝ 45: Թէ՛ Ռաշտի եւ թէ՛ Փեհլեւիի մէջ կառուցուած են ազգապատկան շահաբեր կալուածներ:

Վեց օր տեւող աշխատանքներէ ետք, Իրանահնդկաստանի թեմի Դ. պատգամաւորական ժողովը հրատարակած է պաշտօնական  հաղորդագրութիւն մը, որմէ կը պարզուի, որ ժողովը եօթը նիստեր գումարած է եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ քննած՝ օրակարգի բոլոր խնդիրները: Բոլոր նիստերուն նախագահած է առաջնորդական տեղապահ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան: Ժողովը գնահատելով տեղապահին օգտաշատ գործունէութիւնը՝ միաձայնութեամբ որոշած է զայն բարձրացնել լրիւ առաջնորդի պաշտօնին: Միեւնոյն ժամանակ ժողովը որոշած է «խնդրամատոյց լինել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին՝ գերապատիւ հայր սուրբին շնորհելու եպիսկոպոսական աստիճան»: