Շուէտի արքայական կաճառը Սթոքհոլմի մէջ կատարեց Նոպելեան գրական մրցանակի բաշխումը: Բազմաթիւ եւ բազմազգի թեկնածուներ կային:
Ասոնցմէ հաւանական ընտրելիներ կը նկատուէին անգլիացի գրողներ՝ Կրահըմ Կրին եւ Լորընս Տիւրէլ, իտալացի գրագէտ Ալպերթօ Մորավիա, գերմանացի Հայնրիխ Պոլ, իսրայէլացի փիլիսոփայ՝ Մաթէն Պիւպէր եւ եուկոսլաւ վիպասան՝ Իվօ Անտրիչ: Շուէտի արքայական կաճառը այս տարուան գրականութեան Նոպելեան մրցանակը յատկացուց եուկոսլաւ վիպասան Իվօ Անտրիչի ընդգծելով թէ՝ «Եուկոսլաւ գրագէտը պսակաւորուած էր վասնզի ան դիւցազնական աշխուժութեամբ մը կարողացած է նկարագրել մարդոց ճակատագիրը ներշնչուելով իր սեփական երկրին պատմութենէն»:
«Տէյլի մէյլ» թերթի Պէյրութի թղթակիցը կը հաղորդէ թէ՝ նախագահ Նասըրի ձեռնարկած Եգիպտոսի մեծ ձեռնարկուներու եւ մեծահարուստներու «մաքրագործումը Քրիստոնեաներու հալածանքի վերածուած է» ինչ որ լուրջ մտահոգութիւն պատճառած է Միացեալ Ազգերու Պէյրութիւ իշխանութեանց: Թղթակիցը կը շեշտէ թէ՝ վերջին տասը օրերու ընթացքին, աւելի քան վեց հարիւր քրիստոնեայ Ղպտիներ Պէյրութ ապաստանած են Աղեքսանդրիայէն եւ Գահիրէէն, իրենց ունեցածներէն միասին առնելով միայն այն՝ ինչ որ արտօնուած է առնել: Անոնք նախապէս մանրակրկիտ կերպով խուզարկուած են եգիպտական մաքսատուներու պատշօնեաներուն կողմէ, որոնց անոնց վրայէն առած են ամենափոքր զարդեղէնն իսկ: Որեւէ հարստութիւն՝ արգիլուած է երկրէն դուրս հանել: Թղթակիցին համաձայն, եգիպտական գաղտնի ոստիկանութիւնը քրիոստնեաներուն երեք օր պայմանաժամ կուտայ որպէսզի հեռանան երկրէն: Ի վերջոյ թղթակիցը կը յայտնէ թէ՝ այս միջոցներով, երկիրը կը զրկուի իր ամէնէն ընտիր տարրերէն, տրուած ըլլալով որ, Պէյրութ ապաստանածներու մեծագոյն մասը բժիշկներ, վիրաբուժներ, փաստաբաններ եւ հաշուապահներ են: