Փալանճեան ճեմարանի Շրջանային միութիւնը յարգանքի երեկոյթով մը պատուեց իր վաստակաւոր ուսուցիչներէն Կարօ Սասունին: Ներկայ էին հարիւրի մօտ շրջանաւարտներ, ճեմարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, Համազգայինի թատերասէրներու վարչութիւնը, թերաւարտներ եւ բարեկամներ:
Ընտանեկան եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ եղան բաժակաճառեր, խմբերգներ եւ ընթերցումներ՝ Սասունցի Դաւիթէն: Խօսք առին յատկապէս իր նախկին աշակերտներէն Յ. Գեղարդ եւ մեթր Վարդգէս Շամլեան (պետական երեսփոխան), իր գործակիցներէն տոքթ. Ե. Գոնիալեան եւ Ս. Վրացեան: Բոլոր խօսողները շեշտեցին Սասունիին բերած տաք շունչը՝ որպէս ուսուցիչ, որպէս գրագէտ եւ հանրապետութեան գործիչ, շունչ մը, որ ազնիւ էր, ազնուացնող գաղափարական եւ թռիչք տուող, որ հրայրք տուաւ սիրտերու, խանդավառեց հարիւրաւոր աշակերտներու եւ հազարաւոր ունկընդիրներու սիրտերը գրականութեան սիրով, ազատատենչութեան ոգորումներով բոցավառեց զանոնք: Հուսկ միայն խօսեցաւ Սասունին, յոյս յայտնելով, որ իր եւ իր գործակիցներուն աշխատանքը ի զուր չէ անցած, թէ՛ իրենց ձեռքերուն մէջ դարբնուած սերունդը տէր պիտի կանգնի իր պարտականութեանց՝ հասնելով հայութեան մեկտեղման՝ ազատ հայրենիքի մը մէջ:
1911 Հոկտեմբեր 31-ին հ. Յովհաննէս Մըսըրլեան մուտք գործած է Յիսուսեան միաբանութենէն ներս եւ 50 տարի շարունակ նուիրուած հայ մշակոյթին: Ծնած է Թոքատ, 1888-ին: Քահանայ ձեռնադրուած է 1921-ին: Իր քահանայական գործունէութեան գրեթէ ամբողջութիւնը կ՛անցընէ Լիբանանի մէջ եւ կը դառնայ սիրելի դէմքը բովանդակ լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան: Գաղթականութեան օրերուն մեծ դեր կը խաղայ՝ հոգեկան եւ նիւթական մեծ օգնութիւն հասցնելով բոլոր հայերուն: Եղած է հիմնադիրներէն մէկը Էշրեֆիէյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մանչերու ճեմարանին եւ Ս. Շուշան աղջկանց վարժարանին: