- Այլեւս աւանդական գեղեցիկ սովորութիւն մըն է դարձած «Թռչնոց բոյն»ի սոյն դաշտահանդէսը, որ ընդհանրապէս կը կատարուի Մայիսի առաջին շաբթուան մէջ: Այս տարի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 8 Մայիսին Շաբաթ կէսօրէ ետք: Տղոց եւ աղջկանց համաչափ ու ներդաշնակ տողանցքը կը սկսի վարժարանի քայլերգով: Պուրճ Համուտի շեփորախումբը մերթ ընդ մերթ նուագելով գեղեցիկ կտորներ՝ աւելցուց դաշտահանդէսի խանդն ու եռանդը: Ապա մանկապարտէզի փոքր ու պճտուն տղաքն ու աղջիկները աշխուժօրէն կատարեցին իրենց մարզանքի, շրջանակի խաղերու եւ վազքերու բաժինները: Հետզհետէ տեղի ունեցան տակառ գլորելու, պտուղ հաւաքելու, կարճ ու երկար փայտարշաւներու, մանուկ հագցնելու, մարդ շինելու եւ ծաղիկ տնկելու շատ հետաքրքրական մրցումները, որոնք իսկապէս նորութիւններ էին ու ծափահարուեցան խանդավառօրէն: Ասոնց յաջորդեցին զիկզակ վազքերը, դրօշարշաւ, ձիարշաւ եւ տոպրակի վազքերն ու այլեւայլ մրցումները: Բոլոր խաղերուն մասնակցող մատաղ ու կենսունակ տղոց ու աղջիկներու դէմքերուն վրայ համակ խինդ ու ժպիտ կը ճառագայթէր: Պատճա՞ռը. անշուշտ զիրենք ջերմեռանդօրէն շրջապատող, զիրենք հոգեպէս սիրող, իրենց մրցումները քաջալերելու եւ գնահատելու համար եկած ժողովուրդին ներկայութիւնը: Պարանաձգութեան եւ մանչերու արգելարշաւին ներկաներու խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Դաշտահանդէսը վերջ գտաւ տողանցքով ու մրցանակաբաշխութեամբ, կարմիր խումբի յաղթանակով:
- Ապրիլ 24, Շաբաթ, Հալէպի բոլոր հայկական խանութները եւ գործատեղիները ինքնաբերաբար փակուած էին: Հայոց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ տեղի կ՛ունենային, եկեղեցական արարողութիւնները ամէն կողմ կը ձայնասփռուէին բարձրախօսով: Հայ ժողովուրդը գունդագունդ եկեղեցի կը խուժէր՝ խոնարհելու համար Ապրիլեան նահատակաց յիշատակին առջեւ: