Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

-Շաբաթ եւ Կիրակի օրուան Աթէնքի առաւօտեան եւ երեկոյեան յունական թերթերը հրատարակած էին հետեւեալ լուրը.¬ Աթէնքի Քաղաքապետական խորհուդը, իր վերջին նիստի ընթացքին, յարգանքի իր տուրքը տուաւ թրքական վայրագութեանց անմեղ զոհերուն, թուրքերու կողմէ կատարուած հայերու ջարդի յիսնամեակին առթիւ, ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող յուշատօներուն պատեհութեամբ։ Քաղաքապետական խորհրդական պրն. Երասիմոս Աբոսթոլաթոս յայտնեց՝ թէ գրաւիչին կողմէ Բիւզանդիոնի գրաւումէն ի վեր աւելի քան 10 միլիոն յոյներ եւ մօտաւորապէս 5 միլիոն հայեր ջարդուած են, եւ թէ՝ 1915-16ի հայոց եւ 1922ի յոյներու ջարդերու ծաւալը աննախընթաց է պատմութաեն մէջ ու միայն, Հիթլէրի կողմէ հրեաներու ցեղասպանութեան հետ կրնայ բաղդատուիլ։ Ի վերջոյ, Աթէնքի Քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց քաղաքի փողոցներէն մէկը Հայաստանի փողոց կոչել, պատուելու համար այդ հերոս երկիրը եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն յիշեցնելու համար հերոս ժողովուրդի մը ազատութիւն տալու պարտականութիւնը։

-Թերթիս աշխատակիցներէն եւ Բիրէայի յոյն լրագրողներու միութեան անդամ պրն. Տիգրան Արշակունի ներքին գործոց նախարար պրն. Իլիաս Ցիրիմոքոսին ուղղած է հետեւեալ գրութիւը.¬ Փոքրասիական աղէտէն ի վեր Յունաստան հաստատուած աւելի քան տասներկու հազար հայեր, երկու տարին անգամ մը, օտարականներու սպասարկութեան մօտ կը վերանորոգեն իրենց ինքնութեան թուղթերը, որոնց վրայ, իբրեւ հպատակութիւն կը գրուի «թրքահպատակ»։ Եւ այս անտեղի արձանագրութիւնը կը նկատուի ոչ միայն անոնց, այլ նաեւ Յունաստան ծնածներու ինքնութեան թուղթերուն վրայ։ Պատկան նախարարը չի՞ կարծեր թէ եղածը հեգնանք է եւ մանաւանդ այս օրերուն, երբ ամբողջ միջազգային մամուլը եւ աշխարհի բոլոր երկիրներու ձայնասփիւռի կայանները կը զբաղին թուրքերու բարբարոսութիւններով եւ կը դատապարտեն երկու միլիոն հայերու անիրաւ ջարդը։