Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հետեւեալ տեղեկութիւնները ստացանք Երեւանի մէջ կատարուած հանդիսութեանց շուրջ՝ Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին նուիրուած: Շաբաթ օր արարողութիւն մը կատարուած է Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ եւ քարոզած է Վազգէն Ա. կաթողիկոս: Հսկայ թափօր մը, կազմուած՝ մանաւանդ ուսանողներէ եւ երիտասարդ բանուորներէ, Կոմիտասի, Զոհրապի եւ այլ նահատակներու նկարներով Կոմիտասի շիրիմին այցելութենէն ետք, ուղղուած է դէպի Լենինի հսկայ հրապարակը, ուր արձանի կողքին կարելի էր տեսնել մեծ ցուցատախտակներ «Երկու միլիոն զոհեր» վերտառութեամբ: Ականատեսներու համաձայն, հարիւր հազար հոգի կը հաշւուի հաւաքուած բազմութիւնը: Ամբողջ տողանցքին ընթացքին, երիտասարդները միշտ շարունակած են բացագանչել՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը»: Լենինի հրապարակին վրայ խօսք առած են Յակոբ Զարոբեան եւ Ա. Քոչինեան: Ապա հանդիսութիւն մը կատարուած է օփերայի մէջ: Բեմին վրայ տեղ գրաւած են կառավարական եւ կուսակցական ղեկավարներ, իսկ պատուոյ օթեակին մէջ՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր շքախումբով: Այս հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած է նախագահ Յարութիւնեան, ապա մանրամասն եւ 45 վայրկեան տեւած ճառ մը արտասանած է Վիքթոր Համբարձումեան: Յարութիւնեան յիշած է, թէ մեր հողերը բռնագրաւուած կը մնան, իսկ ակադեմիկոս Համբարձումեան պատմականն ըրած է ապրիլեան Եղեռնին ու յիշած՝ նաեւ դիմադրական հերոսամարտները Շապին Գարահիսարէն Վան: Այս առթիւ միջադէպեր տեղի ունեցած են, երբ դուրսը հաւաքուած երիտասարդները ուզած են ամէն գնով ներս մտնել՝ միշտ «Մեր հողերը» աղաղակելով: Յաջողելով ներս խուժել, բեմի վրայ հաւաքուած անձնաւորութիւնները հեռացած են, եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը փորձած է հանդարտեցնել ցուցարարները, հազիւ յաջողելով: