Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Արտակարգ խանդավառութեան եւ գաղափարական բարձր ապրումներու պահեր ապրեցան մեր այն ընկերները, որոնք Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան հանդիսասրահին մէջ ներկայ գտնուեցան երկու հարիւր տասնեւհինգ պատանիներու հաւաքական երդման յուզիչ արարողութեան: Երկու հարիւր տասնեւհինգ պատանիներ, բանակ մը ամբողջ, որոնք կու գային զինուորագրուելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն՝ «Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին ծառայելու» սրբազան ուխտով: Բոլոր դէմքերուն վրայ ուրախութեան ժպիտներ կը ծաղկէին ի տես այս խանդավառ պատանիներուն, որոնք կուսակցական դաստիարակութեան լրիւ շրջանը բոլորած, ինքնագիտակից մատուցումով մը, իրենք զիրենք կը դնէին հայրենիքի ու ազգի ծառայութեան մէջ: Այն իրողութիւնը, որ այս նորագիրներուն Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն ներս մուտքը յատուկ կարգադրութեամբ տեղի կ՛ունենար այս օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, մասնաւոր նշանակութիւն եւ խորհուրդ մը կու տար այս արարողութեան՝ իբրեւ կենսունակութեան մէկ արտայայտութիւնը մեր ժողովուրդին եւ անոր սիրելի կազմակերպութեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Եղնիկ Գոնիալեանի կողմէ նորագիրներուն ուղղուած ողջոյնի խանդավառ խօսքերէն ետք, երդման արարողութիւնը կատարեց Կարօ Սասունի, յայտնապէս յուզուած, հազիւ զսպելով իր արցունքները, ի տես երիտասարդներու այս փաղանգին, որ կու գայ խտացնելու շարքերը նուիրեալներու: Յիշելով սրտայոյզ դրուագներ անցեալէն, մասնաւորաբար իր երդման արարողութիւնը, որ կատարուած է եօթը մոսիններու մկրտումով եւ նոյնքան թիւով հայդուկներու համբոյրով, հայրենի լեռներուն մէջ, Կ. Սասունի, իբրեւ խորհըրդանիշ հայ ժողովուրդի վերածաղկումին Ապրիլ 24-էն ետք, նորագիրներու այս սերունդը կոչեց «Մայիս 28»ի սերունդ: Երդման արարողութեան այս տպաւորիչ արարողութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»ով, որ երգուեցաւ միաբերան բոլոր ընկերներու կողմէ: