¬ Երեւանի մէջ լոյս տեսած է հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան նուիրուած մեծահատոր աշխատութիւն մը, որ ուսումնասիրութիւններ կը պարունակէ Հայաստանի ճարտարապետութեան ու շինութիւններու մասին՝ նէոլիթիք շրջանէն (քարադարի նոր շրջանէն) մինչեւ մեր օրերը։ Աշխատութեան մէկ կարեւոր մասը նուիրուած է հին եւ միջնադարու նշանաւոր յուշարձաններու վերլուծումին, ինչպէս Գառնի բերդը, Դուինի, Անիի ու այլ քաղաքներու հոյակապ յուշարձանները։ Գիրքին հեղինակները առաջին անգամ ըլլալով կþուսումնասիրեն արտասահմանի հայկական գաղութներուն ճարտարապետութիւնը։ Անոնք ցոյց կուտան, թէ այդ ճարտարապետութիւնը Հայաստանի մէջ կազմաւորուած աւանդութիւններէն ներշնչուած է։ Նոր լոյս տեսած աշխատութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակած ու հայկական արուեստին նուիրուած բազմահատոր ժողովածուին։ Յաջորդ երկու հատորները նուրուած պիտի ըլլան թատրոնին ու նկարչութեան։