Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ «Հիւրրիէյթ» թերթը (8 Ապրիլ) «Համայնագիտարան»ի բաժնին մէջ հայոց մասին հետեւեալ յերիւրածոյ տեղեկութիւնները կու տայ. Հակառակ անոր որ Կովկասի մէջ կþապրին, ոչ թէ կովկասեան ցեղին, այլ հնդեւրոպական արիական ցեղին կը պատկանին: Միջին դարուն երկու հայկական թագաւորութիւն կար: Մին այժմու Հայաստանի ու Վանայ լճին շրջանին մէջ, միւսն ալþ «Փոքր Հայաստան» յորջորջուող Կիլիկիոյ մէջ: Առաջինին 1080-ին սելճուքները վերջ տուին, երկրորդն ալ մինչեւ տասներեքերորդ դար ապրեցաւ ու մեմլուքեան թուրքերուն կողմէ բնաջնջուեցաւ: Հայաստանի այժմու հողերը սելճուքներու կողմէ թրքացուած էին: Այս երկիրը, որ ատեն մը թուրքերուն կողմէ վարուեցաւ, առաւելապէս Իրանի կապուած մնաց: Վերջին շրջաններուն երբ Իրանի կապուած ինքնավար թրքական խանութիւն մըն էր, Ռուսիոյ անցաւ: Տասնիներրորդ դարու վերջին կիսուն, մինչեւ այն ատեն թուրքերուն ամէնէն հնազանդ ազգը՝ հայերը, որոնք Պապը Ալիի կողմէ «Հաւատարիմ ազգ» կը յորջորջուէին, ռուսերու, քիչ մըն ալ անգլիացիներու դրդումով գլուխ բարձրացուցին: Անատոլուի արեւելակողմը տեղ տեղ ապստամբութեան, յելուզակութեան ջարդեր սկսան: 1878-ին, Պերլինի համաձայնութեան մէջ զետեղել տուին յօդուած մը, որ Թուրքիոյ կը պարտադրէր արեւելեան Անատոլուի մէջ բարեկարգութիւն ընել հայոց ի նպաստ: Բայց Ապտիւլ Համիտ Բ. չմօտեցաւ այս վտանգաւոր բարեկարգութեան, հայերը խստիւ պատժեց: Հայերը Ա. աշխարհամարտը առիթ նկատելով՝ ռուսերուն օժանդակութիւնով Թուրքիոյ դէմ ապստամբեցան: Ազատութեան պայքարին մէջ Քեազըմ Քարապեքիրի հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերը պահ մը Էրզրումը եւ Վանն անգամ գրաւած հայ հրոսախումբերը խուճապի մատնեցին, ասոր վրայ Անատոլուի հայերը հաւաքաբար Հայաստան, Լիբանան, Եւրոպա եւ Ամերիկա գաղթեցին: Մեր երկրին մէջ ներկայիս գրեթէ բոլորն ալ Իսթանպուլ բնակող 77,000 հայ կը գտնուի: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ալ մէկ միլիոն ութ հարիւր հազար հայ կ՛ապրի: