Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետը՝ Խորէն Ա. կաթողիկոս, հանդերձեալ է սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւն կատարել, յառաջիկայ 30 Մայիս 1965ին: Միւռոնօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են արդէն վեհափառ հայրապետի անմիջական հսկողութեան ներքեւ եւ յառաջ կը տարուին համաձայն միւռոնօրհնութեան մաշտոցի հրահանգներուն: Ս. միւռոնի քառասուն տեսակ անուշահոտ ծաղիկները, հունտերը եւ արմատները, չոր վիճակի մէջ, լուրջ աշխատութեամբ դպրեվանքի սարկաւագներուն միջոցով սանդերու մէջ ծեծուեցան ու փոշիի վիճակի վերածուեցան: Միւռոնի պատրաստութեան առթիւ հայ հաւատացեալներու կողմէ զանազան տեսակի նուիրատուութիւններ եղան Ս. Աթոռին: Ծեծուած եւ փոշիի վիճակի վերածուած անուշահոտ քառասուն տեսակ ծաղիկները, ինչպէս նաեւ բալասանը համեմատական չափերով դրուեցան ձէթի եւ դափնիի իւղին մէջ եւ քառասունութ ժամ, անընդմիջաբար մեղմ կրակի վրայ եփեցան մարեմանօթի դրութեամբ, համաձայն մաշտոցին: Այս ձեւով ծաղիկներու անուշ բոյրը տարրալուծուելով անցաւ իւղին մէջ: Քսանչորս ժամ հանդարտելէ ետք, Ս. միւռոնի եփուած նիւթը երիցս քամուեցաւ նուրբ կտաւով եւ այժմ արդէն իսկ պատրաստ վիճակի մէջ է ան: Ապրիլ 25-ին, միւռոնօրհնութենէն շուրջ քառասուն օրեր առաջ, պատրաստուած միւռոնի այս նիւթը, կաթողիկոսարանիս շքեղակերտ կաթսային մէջ լեցուած, պիտի դրուի Անթիլիասի մայր տաճարի Աւագ խորանին բեմին ձախակողմը՝ քողարկուած նրբահիւս շղարշով, ուր պիտի մնայ մինչեւ օրհնութեան թուականը, 30 Մայիս: Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը Հայ եկեղեցւոյ հազուադէպ ու մեծաշուք տօնակատարութիւններէն մին է, զոր Հայց. եկեղեցին վերապահած է միայն կաթողիկոսներուն, ինչպէս կը թելադրեն արդէն մեր հայրապետներուն կանոնները։ Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը իր շքեղագոյն հայրապետական հանդերձանքով, շրջապատուած եպիսկոպոսաց դասուն կողմէ, հին միւռոնը խառնելով նորին հետ, կþօրհնէ զայն Ս. Լուսաւորչի Աջին խաչանիշ կընքմամբ: