Երեւանի բարեկամութեան փողոցի երկյարկանի այս շէնքը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար եթէ կոչուէր հայ միտքի նուաճումներու տուն: Արդարեւ, տան ընդարձակ սրահներուն մէջ զետեղուած են հայ գիտնականներու, մասնագէտներու, մինչեւ իսկ պարզ բանուորներու ըրած գիւտերը՝ նոր կամ աւելի լաւ կատարելագործուած մեքենաներ, սարքեր եւայլն:
Մարմարեայ սանդուխները կ'առաջնորդեն դէպի ընդարձակ սրահները, որոնք զարդարուած են նշանաւոր գիտնական-ներու դիմանկարներով, հայկական գեղանկարչութեան հիասքանչ կտաւներով: Այստեղ ցուցադրուած են բանուորներու ձեռք բերած նշանակալից յաջողութիւնները, գիտական նորութիւններ եւ գիւտերը ինչպէս՝ Երեւանի ժամացոյցի գործարանի փականագործ Գ. Մարգարեանի շինած ինքնաշխատ սարքը, որ ինքնաբերաբար կը չափէ եւ կը խմբաւորէ ժամացոյցի հաշուեկշիռին առանցքին դարձեակները: «Տեխնիկական տունը» կը կազմակերպէ նաեւ դասախօսութիւններ, շարժանկարի ներկայացումներ եւայլն:
Կիրովականի մէջ գեղատեսիլ վայրեր շատ կան, ասոնց մէջ իր ուրոյն տեղը ունի բուսաբանական պարտէզը, որ փռուած է քաղաքին Վանաձոր կոչուած վայրին մէջ՝ կարկաչահոս լեռնային գետին աջ ափին: Հոս՝ դարաւոր անտառներուն հմուտ մասնագէտներու ուժերով կ'աճին 700 տեսակ ծառ եւ թուփ, 200 տեսակ ծաղիկներ: Բազմաթիւ ծառերու եւ ծաղիկներու կարգին կ'աճին նաեւ հազուագիւտ տեսակներ: Պարտէզին մէջ շինուած է անկիւն մը, ուր կը բուսնին հայկական բարձր լեռնային ծառի տեսակները:
Ծանօթ թատերագէտ Ռուբէն Զարեան ասկէ առաջ հրատարակած էր «Ադամեան Արուեստը» մենագրութիւնը: Վերջերս լոյս տեսած է նոյն հեղինակին երկրորդ գիրքը, որ նուիրուած է հանճարեղ դերասանի կեանքին ու գործունէութեան: Գիրքին հեղինակը հարուստ փաստերով ցոյց կուտայ հայ մեծ ողբերգակին կեանքին ուղին իբրեւ դերասան, նկարիչ, թատրոնի տեսաբան, քաղաքացի: