Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց կարեւոր նահանգի կառավարիչը՝ Ճոն Ա. Վոլփի, հայոց մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը ըրաւ.- «Նկատի ունենալով, որ 1915 Ապրիլ 24-էն ետք, երբ երեք հարիւր աչքառու հայեր (մտաւորականներ) բրտօրէն աքսորուեցան Կոստանդնուպոլիսէն, աւելի քան երկուք ու կէս միլիոն հայեր պարտաւորուեցան ձգել իրենց տուները ու օճախները եւ ստացուածքները ու միանալ դէպի անորոշ ճակատագիր ուղղուող կարաւաններուն, եւ նկատի ունենալով, որ այս անբախտ մարդոց աւելի քան մէկ ու կէս միլիոնը փճացան ու կորսուեցան աքսորի ճամբաներուն վրայ ու կայքերուն մէջ՝ սովէ, ցրտահարութենէ կամ արեւակիզումէ, վայրագ վերաբերումէ ու մանաւանդ զանգուածային սպանդէ, եւ նկատի ունենալով, որ այս մարտիրոսութիւնը, որ հետեւանք էր հայոց հաւատարմութեան՝ իրենց հաւատքին, իրենց մշակութային ու կրթական յառաջդիմութեան եւ իրենց նուաճումներուն՝ արուեստներու, գիտութեանց եւ այդ յառաջդիմասէր ջանքերուն մէջ, ստիպեց վերապրողները, որ ապաւինին ամերիկեան եւ եւրոպական բարեգործութեան, դէմ յանդիման՝ սովի, համաճարակի ու հիւանդութեանց, եւ նկատի ունենալով, որ հայկական ծագումով ամերիկեան քաղաքացիներ հոգեպէս կը միանան իրենց աշխարհացրիւ հայրենակիցներուն՝ նշելու համար այդ սպանդին կամ ջարդին յիսուներորդ տարեդարձը՝ մատուցելով իրենց յարգանքի տուրքը անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն խղճի ազատութեան,- հիմա, ուրեմն, ստորագրեալս՝ Ճոն Ա. Վոլփի, կառավարիչ Մասաչուսեցի հասարակապետութեան, այսու կը հռչակեմ 1965 Ապրիլ 24-էն Մայիս 31 երկարող ժամանակաշրջանը՝ Հայկական Ջարդերու Յիսուներորդ Տարեդարձը, եւ կը յանձնարարեմ, որ մեր հասարակապետութեան բոլոր քաղաքացիները հայ ծագումով իրենց համաքաղաքացիներուն հետ միասնաբար յիշեն ու նշեն այս իրադարձութիւնը: Տրուած՝ Պոսթընի կառավարչատան մէջ, յամի Տեառն 1965 Մարտ 30-ին, եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց անկախութեան 189-րդ տարին:
ՃՈՆ Ա. ՎՈԼՓի - Քեւին Հ. Ուայթ
Հասարակապետութեան Քարտուղար