Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Ներկայիս Սեբաստիոյ մէջ կþապրին հազիւ 250 հայեր, ոսկերիչներ, սափրիչներ, դերձակներ, դարբիններ, երկրագործներ, առեւտրականներ եւ օրավարձով աշխատողներ։ Դեռատի, երկսեռ հայ պատանիներ ցրուած են գիւղական շրջանակներու մէջ։ Ոչ միայն Սեբաստիոյ, այլեւ, Անատոլուի մնացեալ քաղաքներուն մէջ կան բազմահարիւր հայեր, որոնք բոլորովին մեկուսացած կþապրին։ Տեղեակ չեն՝ թէ իրենց ազգակիցները ինչպէս կþապրին նոյնիսկ Կ. Պոլսոյ մէջ։ Եկրար ատեն դիմադրելէ ետք ազգափոխութեան եւ կրօնափոխութեան յորձանքներուն, ի վերջոյ շատեր տեղի տուած են Սեբաստիոյ նման Մալաթիոյ, Մարաշի, Այնթապի, Ուրֆայի եւ Թոքատի մէջ։ Սեբաստիոյ հայերը տակաւին հայերէն կը խօսին, գրեթէ բոլորն ալ, բայց հայերէն գրել կարդալ չեն գիտեր։ Ոչ դպրոց ունին, ոչ եկեղեցի։ Շատեր չեն մկրտուած։ Եկող¬գացող ազգակիցներ ալ չկան։ Հոգեւոր մխիթարութիւն բերող հոգեւորականներ ալ կը պակսին։ Հայերէն ոմանք տիրացած են իրենց կալուածներուն։ Ազգապատկան կալուածները գրաւուած են։

- Սայկոնէն ստացուած հեռագրական տեղեկութիւններ կը հաղորդեն՝ թէ առաջին անգամ ըլլալով, չինական «Միկ» սաւառնակներ յարձակած են ամերիկեան օդամուղ որսորդ սաւառնակներու դէմ, Հայնան կղզիի բացերը։ Ասիկա՝ Վիէթնամի պատերազմի ընդլայնման առաջին կարեւոր քայլը կը նկատուի։ Ամերիկեան սաւառնակներ ռմբակոծած ու քանդած են երեք կարեւոր կամուրջներ։ Այդ թիրախներուն դէմ ամերիկեան 220 ռմբաձիգ սաւառնակներ նետած են 145 թոն պայթուցիկ նիւթ։ Ամերիկեան սաւառնակ մը վար առնուած է։ Ամերիկեան իրազեկ շրջանակներու տեղեկութեանց համաձայն, Հայնան կղզիին մէջ «Միկ» սաւառնակներու մեծ խարիսխ մը կայ։ Չինական սաւառնակներու հետ տեղի ունեցած օդանաւամարտի ընթացքին, «Միկ» տիպի սաւառնակ մը բռնկած ու կորսուած է ամպերու ետին։ Տեղեկութեանց համաձայն, ծովային հետեւակներու նոր ուժեր ճամբայ հանուած են դէպի Հար. Վիէթնամ։ Այս ուժերէն զատ ղրկուած են նաեւ «Ֆ. 4 Ֆանտոմ» տիպի սաւառնակներու նոր տորմիղներ։