- Սան Փաոլոյի (Պրազիլ) պետական համալսարանը, նկատի առնելով հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին եւ հայկական հնադարեան պատմութեան արժէքները եւ այն նպաստները, որ կրնան առաջ գալ անոնց ուսուցումէն, առ հասարակ միջազգային լեզուագիտական հարցերու եւ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներու պատմութեան առնչութեամբ եւ ի մասնաւորի՝ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ հայագիտութիւնը տարածելու տեսակէտէն, ու նաեւ՝ նկատի առնելով հայ նշանաւոր դէմքերու գրաւած պատուաբեր դիրքերը միջազգային բեմերու վրայ եւ գիտութեան զանազան մարզերու մէջ, երկու տարիէ ի վեր, Իմաստասիրութեան, Գիտութեանց ու Գրականութեանց բաժնին մէջ, պետական հրամանագրով՝ պաշտօնապէս հաստատած է հայագիտութեան ամպիոն, հայ ուսուցիչով, հայ լեզուի, հայ գրականութեան, հայ պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ուսուցման համար։ Հայագիտական դասերը մաս կը կազմեն համալսարանի ուսումնական յայտագրին, միւս նիւթերուն հետ հաւասար չափով եւ ընթացաւարտները կþօժտուին համապատասխան համալսարանական վկայականով։ Լատին Ամերիկայի մէջ առաջին ձեռնարկն է ասիկա։ Հայագիտութեան նուիրուող հայ եւ օտար ուսանողներու եւ ազատ ուսումնասէրներու ջանքերուն սատարելու նպատակով՝ համալսարանի տնօրէնութիւնը հիմը դրած է մասնաւոր հայագիտական գրադարանի մը՝ համալսարանի մատենադարանին մէջ։
- Ֆրանսայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութեանց երկրորդ եւ վերջին շրջանին ընտրուած են նաեւ բազմաթիւ հայեր։ Այսպէս, Փարիզի արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ յաջողած Ժողովրդական ճակատի ցանկին մէջ կը գտնուի երիտասարդ ճարտարապետ Արման Նշանեան։ Քլամարի մէջ ընտրուած Կեդրոնի ցանկին վրայ կայ Պ. Քէշիշեան։ Շավիլի մէջ, Կեդրոնի ցանկով վերընտրուած է ընկ. Գրիգոր Փափազեան։ Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ, Կեդրոնի ցանկով ընտրուած է Մանուկեան։ Մէօտոնի մէջ անցած է Տը Կոլեան ցանկը՝ որուն մէջ ալ կայ Մանուկեան անուն հայ մը։