Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Պոլսոյ «Ճիւմհուրիյէթ» թերթը կը գրէ.- 40 տարի առաջ, 6 Մարտ 1925-ի թիւով.- Ատանայի Սաչլը Համիտ թաղը գտնուող հայկական եկեղեցիին մէջ, շուրջ երեք հարիւր անմեղ թուրքերու ոսկորները երեւան հանուած են։ Ատանայի մէջ հրատարակուող թերթերը դառնօրէն կþարտայայտուին այս սարսռազդեցիկ ողբերգութեան մասին։ Իրենց եկեղեցին թրքական սպանդանոցի մը փոխակերպած հայերը, առանց Աստուծմէ վախնալու, մէյ ման ալ կը պնդեն՝ որ Թուրքիոյ մէջ իրենց հարստահարութիւն կը կատարուի եւ Ամերիկայի մէջ գիրքեր կը հրատարկեն։ Այս ձեւով կը համարձակին Ամերիկացիներուն գութը շարժել հայերուն հանդէպ թշնամութիւն հրահրել թուրքերուն դէմ։ Եթէ Ամերիկայի մէջ միակ հայ մը չէր մնար, բոլորն ալ լինչի կþենթարկուէին։ Մինչդեռ՝ մեր երկրին մէջ հայերը բարօրութեան մէջ կþապրին։ «Ենի Ատանա» թերթն ալ հետեւեալ ձեւով արտայայտուած էր.- «Սաչլը Համիտ թաղի հայոց եկեղեցին՝ Մուհասեպէյի Հուսիէին փոխանցուած է։ Մուհասեպէն ալ ուզած է զայն թատրոնի ու սինեմայի փոխակերպել ու նորոգութեան ընթացքին, գետնայարկը կոյտ մը ոսկորի առջեւ գտնուած։ Արդէն յայտնի էր, որ այդտեղ գրաւման շրջանին սպանդանոցի վերածուած է։ Որեւէ տեղ իրենց առանձին գտած թուրքերը այստեղ կը բերէին։ Ով գիտէ այստեղ քանի անմեղ թուրքի արիւնը մտած է։ Բացէ ի բաց յայտնի եղաւ, որ ցարդ լսուածները իրականութիւն են»։

- «Հիւրիէթ» թերթի տեղեկութեանց համաձայն, թուրք կառավարութիւնը որոշած է պատուակալ դիւանագիտական կցորդի տիտղոս շնորհել «քարիւղի թագաւոր» մեծահարուստ հայուն՝ Նուպար Կիւլպէնկեանին, որպէսզի ան կրկին տիրանայ դիւանագիտական այն հանգամանքին, զոր կորսնցուց երբ թրքահպատակ դառնալու դիմում կատարեց ու դարձաւ։ Կիւլպէնկեան դիւանագիտական մարմինը, հակառակ անոր որ Կիւլպէնկեան դիւանագիտական հանգամանքը կորսնցուցած էր, զայն կրկին իրեն նախագահ հռչակած է, բարեփոխելով կանոնագրի այդ մասին վերաբերեալ տրամադրութիւնը։ Մեծահարուստ հայը, տասը տարիէ ի վեր դիւանագիտական մարմնի նախագահն էր։