Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը ծրագրած է հայ թատրոնի երկու հազարամեայ պատմութեան նուիրուած մշտական ցուցահանդէսին հիման վրայ ստեղծել շրջուն ցուցահանդէս:
Ինչպէս յայտնի է, 1958-ին Գիտութիւններու ակադեմիոյ գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացուեցաւ մեծ ցուցահանդէս մը՝ նուիրւած հայ թատրոնի պատմութեան: Այս կարճ ժամանակամիջոցին ցուցահանդէսը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ Երեւանցիներուն կողմէ: Յաջորդ տարին ցուցահանդէսը մէկ ամիսով Մոսկուա փոխադրուեցաւ եւ լայն ուշադրութեան արժանացաւ: Մեծ յաջողութիւն ձգած այս ցուցահանդէսի նիւթերէն կազմուած է շրջուն ցուցահանդէսը, որ յաջորդաբար պիտի ներկա-յացուի Լենինականի, Կիրովականի, Ալավերտիի եւ այլ վայրերու մէջ: Շրջուն ցուցահանդէսը կազմուած պիտի ըլլայ երեք մասերէ՝ հին շրջան, որ կÿընդգրկէ Տիգրան երկրորդի օրերէն մինչեւ 18րդ դարու վերջերը, նոր շրջան՝ 19-րդ դարէն մինչեւ 1920, եւ երրորդ՝ ժամանակակից շրջան:
Ռուսերէն, թուաբանութիւն, բնագիտութիւն եւ բնալուծութիւն սորվելու եւ հետագային իրենց նախասիրած մասնագիտութեան հետեւելու համար Երեւան ժամանած են 28 աֆղան ուսանողներ: «Սովետական Հայաստան» որմէ կը քաղենք լուրը, չըսեր թէ աֆղան ուսանողները Երեւանի մէջ ռուսերէնի կողքին հայերէն ալ պիտի սորվի՞ն:
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողոկոս Զարեհ Ա.ի ուղղուած պաշտօնական հրաւէրին ի հետեւութիւն, դպրեվանքի տեսուչ գեր. Տ. Գարեգին վրդ. Սարգիսեան Նիւ Տելհի գտնուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որպէս դիտող ներկայացնելու համար Խորհուրդի Ընդհանուր համագումարին: