Լ՛Օրիան՝ իր թիւին մէջ «Հայերը Ապրիլ 25-ին պիտի կազմակերպեն միթինկ մը՝ ոգեկոչելու համար Թուրքիայէն իրենց տեղահանութեան յիսնամեակը» խորագրին ներքեւ, կը գրէ. 100.000 հայեր կը պատրաստուին Ապրիլ 25-ին հաւաքոյթ մը կազմակերպել Մարզական աւանին մէջ՝ ոգեկոչելու համար Թուրքիայէն իրենց տեղահանութեան առաջին յիսնամեակը: Հաւաքոյթէն ետք պիտի կազմուի խաղաղ թափօր մը մինչեւ Տորա: Վարչապետին տրուած այցելութեան մը ընթացքին հայ երեսփոխանները եւ Հնչակեան, Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար կուսակցութեանց ներկայացուցիչները արտօնութիւն ուզած են կազմակերպելու այս ցոյցը, որուն նպատակն է իրենց բողոքը արտայայտել թրքական հալածանքներուն դէմ: Իրենց տեղահանութիւնը ոգեկոչելու հայերու որոշումը անդրադարձներ ունեցաւ Անգարայի պաշտօնական շրջանակներուն մէջ, մանաւանդ որ թուրք կարգ մը թերթեր ամբաստանեցին Լիբանանը, թէ կը քաջալերէ հայ քաղաքական խմբակցութիւնները՝ ցոյց կատարելու Թուրքիոյ դէմ: Վարչապետ Ուէյնի եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Թաքլա պատասխանելով թուրք դեսպանին, որ շաբթուան սկիզբը այցելած էր իրենց, տեղեկութիւն առնելու համար Մարզական աւանի միթինկը եւ խաղաղ ցոյցը արտօնելու կառավարութեան մտադրութեան մասին, յայտնեցին, թէ հանրային ազատութիւնները նուիրական են Լիբանանի մէջ, եւ հայկական տեղահանութեան ոգեկոչումը արտօնելու կառավարութեան որոշումը երբեք չի նշանակեր, թէ կ՛ուզէ լիբանան եւ թուրք յարաբերութիւններուն վնասել: Միւս կողմէ, շփումներ հաստատուած են Լիբանանի, արաբական աշխարհի, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հայերուն միջեւ՝ համաշխարհային գետնի վրայ կազմակերպելու համար պայքար մը, որպէսզի Միացեալ Ազգերը որդեգրեն հայկական պահանջները, մասնաւորաբար՝ թրքական հալածանքներու պատճառով հայերու ունեցած մարդկային եւ նիւթական կորուստներու հատուցումը: Այժմէն իսկ Անգարայի կառավարութիւնը հակայարձակումի անցած է ձախողեցնելու համար հայերու պայքարը: