Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հայկական ջարդերու մասին օտար ականատեսներու յուշերէն եւ ուսումնասիրութիւններէն քաղելով՝ ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը վկայութիւններ. Անգլիացի ականաւոր պատմաբան միջազգայնագէտ Առնոլտ Թոյնպի կը գրէ.¬ «Օսմանեան կառավարութիւնը չի կրնար իր յանցագործութիւնը քողարկել նախազգուշական միջոցառումներու անուան տակ… նման արդարացում մը ամբողջովին կը հակասէ փաստերուն: «Այդ հայերը պատերազմական գօտիի մէջ չէին բնակեր: Ոչ մէկը այդ քաղաքներէն ու գիւղերէն, ուրկէ անոնք պարբերաբար դէպի մահ կը քշուէին, պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմին մօտ կը գտնուէր: Անոնց բոլորը Անատոլուի խորերը կը գտնուէին, հաւասարապէս հեռու Կովկասի սահմաններէն եւ Տարտանալէն: «Հայերը հնարաւորութիւն չունէին համագործակցելու դաշնակից բանակներու հետ. նոյնքան անհընար էր անոնց համար ապստամբութիւն բանեցընել, քանի որ համախմբուած չէին մէկտեղ: Քաղաքացիական եւ զինուորական իշխանութիւնը անվտանգ կերպով կը գտնուէր թուրքերու ձեռքը: «Պէտք է նորէն կրկնել, որ այդ քաղաքաբընակ հայերը իրենց բնութեամբ խաղաղ ու աշխատասէր մարդիկ էին, անվարժ զէնք գործածելու»: («Հայկական սարսափները գրքէն, անգլերէն, Լոնտոն, 1916): Ֆրանսացի անուանի հայագէտ-պատմագէտ Ֆրետերիք Մակլեր կը գրէ.¬ «Թուրք ղեկավարները գտան որ պահը յարմար է հայկական փափուկ հարցէն ընդմիշտ ազատուելու համար, հայերը ոչնչացնելու ճանապարհով: Թուրքերը կիրարկեցին ամենաբարբարոսական ձեւերը: Հետեւելով Պոլսէն ղրկուած հեռագիրներուն՝ հրաման տրուեցաւ բնակիչներուն հայերը տեղահանել այն շրջաններէն, որոնք, իբր թէ ռազմագիտական դիրքերու մօտ կը գտնուէին: Եթէ այդ նախազգուշութիւնը կրնար օգտակար նկատուիլ ռուսական սահմաններու մօտ գտնուող մարզերուն համար, բայց բոլորովին անիմաստ էր այդ սահմաններէն 700-1000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայերու տեղահանութիւնը»: Հայ ազգը, անցեալը եւ դժբախտութիւնները գիրքէն, ֆրանսերէն, Փարիզ, 1923)։