Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Աթէնքի օտար վարժարաններուն մէջ երկրորդական ուսում ստացող հայ երկսեռ ուսանողներ կազմած են մշակութային խմբակ մը եւ պարբերաբար, գրական, գիտական եւ ընկերային հարցերու շուրջ գրութիւններ կը հրատարակեն «Ազատ Օր»ի «Նոր Սերունդի Սիւնակ»ին մէջ։ Այս խմբակի անդամ-անդամուհիները, Մարտ 24-ի երեկոյեան, հելլէնեւամերիկեան միութեան շքեղ սրահին մէջ հայկ. բանաստեղծութեան նուիրուած գեղեցիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպած էին։ Սոյն գեղեցիկ երեկոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր գերյ. Յ. Թ. Ծ. Վրդ. Խանցեան, Կաթողիկէ հայոց ժողվորդապետ՝ գեր. Յ. վրդ. Գոյունեան, Ֆիքսի հայոց հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Գեղարդ քհնյ. Պապօղլեան, Ազգային Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ՝ Աթէնքէն եւ արուարձաններէն բաւական թիւով ազգակիցներ եւ հելլէն բարեկամներ։ Նոր Սերունդի ղեկավար պրն. Յակոբ Ճէլալեանի ամփոփ եւ կուռ բացման խօսքէն ետք, պարոններ Մ. Սարգիսեան, Յ. Փափազեան, Յ. Գասպարեան, Մ. Վարժապետեան եւ ուրիշներ կարդացին հին եւ նոր մատենագիրներու, օտար գրադատներու եւ գրագէտներու կարծիքները հայ գրականութեան ու մասնաւորապէս՝ հայ բանաստեղծութեան մասին, արժանանալով բուռն ծափերու։ Ընթերցումներու պահուն մեղմօրէն նուագուեցան հայկական ձայնապնակներ։ Օրիորդներ Ն. Բարաղամեան, Ռ. Պալթայեան, Ա. Կիւզէլեան, Ս. Մարկոսեան եւ Ս. Ղազարեան՝ անթերի յունարէնով եւ ապրումով արտասանեցին հայասէր հելլէն ծանօթ բանաստեղծ Քուլիս Ալեբիսի «Արմենիքի Մուսա»էն Եղիշէ Արք. Դուրեանի «Մի Մերձենար Յիս»,  Դանիէլ Վարուժանի «Ականջներուն» եւ «Կարօտի նամակ», Վահան Թէքէեանի «Կþանձրեւէ, տղաս», Արշակ Չոպանեանի «Մօրս» եւ Մատթէոս Զարիֆեանի «Սէր եւ հոգի» քերթուածները՝ արժանանալով ներկաներու հիացումին ու ծափերուն։ Փակման խօսքին մէջ, պրն. Ճէլալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ պաշտօնական դէմքերուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին «Նոր Սերունդ»ի այս գեղեցիկ ձեռնարկը։