Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 36-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Մարտ 21-ի Կիրակին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ, ի ներկայութեան՝ մասնաճիւղերու եւ սկաուտական խումբերու պատգամաւորներուն։ Եղբ. Պատրիկ Սարգիսեան ժողովը բանալով՝ յուզումով յայտնեց, թէ անցեալ շրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտանիքը ունեցած էր երկու կարեւոր կորուստներ, յանձին փոխ¬ատենապետ եւ վեթերան եղբ. Համբարձում Կիւտէնեանի եւ Աթէնքի մասնաճիւղի վարչական ու պասքէթի նախկին մարզիկ եղբ. Հրայր Քէօթէլեանի։ Այս եւ Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի առթիւ, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգել անոնց յիշատակը։ Մայր դիւանի նախագահ ընտրուեցաւ եղբ. Լեւոն Գայեան եւ քարտուղարուհի՝ քոյր Նատիա Քեմէնչէճեան։ Բանաձեւի յանձնախումբը կազմուեցաւ եղբ. Յ. Մխիկեանէ եւ եղբ. Զ. Չոպանեանէ։ Իսկ հաշուեքննիչ յանձնախումբը կազմուեցաւ՝ եղբ. Ե. Քեմէնչէճեանէ եւ եղբ. Յ. Տէր Յովակիմեանէ։ Յաջորդաբար կարդացուեցան՝ Թեսաղոնիկէի, Գարէայի, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի մասնաճիւղերու եւ սկաուտական խումբերու նիւթաբարոյական տեղեկագիրները եւ հաշուեկշիռները։ Կարդացուեցաւ նաեւ Շրջ. վարչութեան տեղեկագիրը եւ հաշուեկշիռը։ Եղան զանազան առաջարկներ ու թելադրանքներ։ Ժողովը գոհունակութեամբ արձանագրեց՝ թէ անցեալ տարեշրջանին ընդհանրապէս բոլոր մասնաճիւղերը ունեցած են բարոյական եւ գնահատելի գործունէութիւն։ Եղբ. Ե. Քեմէնչէճեան յայտնեց՝ թէ Գարէայի մասնաճիւղը մտադիր է հող մը գնել սեփական ակումբի համար եւ խնդրեց՝ որ բոլորը աջակցին։ Թեսաղոնիկէի պասքէթի խումբին Զատկին Աթէնք ժամանումին առթիւ թելադրուեցաւ՝ որ Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ պասքէթի խումբերուն միջեւ մրցում մը սարքուի եւ յաղթական խումբը ճակատի Թեսաղոնիկէի խումբին հետ։ Որոշուեցաւ զօրացնել ֆութպոլի եւ պասքէթի խումբերը եւ ուժ տալ մարզականին։ Հուսկ յետոյ տեղի ունեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւն եւ ընտրուեցան հետեւեալ եղբայրները.- Պատրիկ Սարգիսեան, Դանիէլ Դանիէլեան, Լեւոն Գայեան, Յարութիւն Սվազլեան, Պօղոս Պօղոսեան, Յակոբ Ճէլալեան եւ Ստեփան Պալեան։