Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հռոդոսէն ստացուած հեռագրական տեղեկութիւններ կը հաղորդեն՝ թէ թրքական սաւառնակներ, Կիրակի առաւօտեան ժամերուն բռնաբարած են Երկոտասան կղզիներու օդային մարզը։ Թրքական սաւառնակները, բաւական ցածէն թռիչք կատարելով՝ անցած են Հռոդոսի եւ Երկոտասան կղզեխումբի միւս կռզիներու վերեւէն։

- Կրօնից ու կրթական նախարար Լուքիս Աքրիթասի մահուան քառասունքին առթիւ, Աթէնքի Առաջին գերեզմանատան մատուռին մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, ազգականներուն, բարեկամներուն, կառավարական անդամներու, երեսփոխաններու եւ նախարարութեան պաշտօնեաներու ներկայութեան։

- Զափիոնի շէնքին մէջ, բացումը կատարուեցաւ 8-րդ Համահելլենական գեղարուեստական ցուցահանդէսին, որուն կը մասնակցին 226 նկարիչներ, 46 քանդակագործներ, 45 փորագրիչներ եւ 20 զարդանկարիչներ, որոնք կը ցուցադրեն 437 նկարչական գործեր, 97 քանդակներ, 123 փորագրութիւններ եւ 39 զարդանկարչական գործեր։ Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ արտասահման գտնուող հելլէն արուեստագէտներ, որոնք պետութեան ծախքով իրենց գործերը ղրկած են ցուցադրութեան դրուելու համար։

- Կ. Պոլսէն կը հաղորդեն՝ թէ Համայնավար Չինաստան, թրքական Կարմիր Մահիկի կողմէ եղած կոչի մը ընդառաջելով՝ 17 հազար 77 տոլար յատկացուած է Կիպրոսի թուրքերու օգնութեան համար։

- Խնամատարական նախարարութեան կողմէ յայտարարուեցաւ՝ թէ այս ամառ, կազդուրման կայանները պիտի ղրկուին 44 հազար 680 տղաք եւ աղջիկներ։ Նախարարութիւնը կայաններուն պիտի յատկացնէ 26 միլիոն տրախմի։ Անցեալ ամառ, կազդուրման կայանները ղրկուած էին 43 հազար պզտիկներ, որոնց համար յատկացուած էր 22 միլիոն հինգ հարիւր հազար տրախմի։