Քալիֆորնիոյ Սթանֆորտ համալսարանի դարմանատան վիրաբուժները յայտարարած են, թէ գտած են յեղափոխական մեթոտ մը, որուն շնորհիւ այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ ուղեղին վրայ կատարել ամէնէն նուրբ գործողութիւնները, որոնք մինչեւ հիմա անկարելի էին:
Նոր մեթոտը կը կայանայ ուղեղի արիւնը բոլորովին «չորցնելու» մէջ, ինչ որ վիրաբուժին թոյլ պիտի տայ մտնել այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնք ցարդ անմատչելի էին արիւնի հոսումին պատճառով: Ուղեղը կը չորցուի՝ սառեցնելով մասնաւոր մեքենայի մը միջոցով:
Մեծն Բրիտանիոյ արտածած զանազան տարօրինակ նիւթերէն մէկն ալ երկար, խարտեաշ մազերն են, որոնք շատ յարգի են Գանատայի մէջ, որովետեւ խարտեաշ մազերը հազուագիւտ են հոն: Գանատացիք այս մազերը կը գործածեն մթնոլորտի խոնաւութիւնը չափելու համար: Մազին երկարութիւնը նուազագոյնը պէտք է 35 սանթիմ ըլլայ ու նաեւ՝ խարտեաշ, որովհետեւ խարտեաշ մազերը աւելի ընդունակ են օդի խոնաւութիւնը ցոյց տալու:
Անգլիացի վիրաբուժ տոքթ. Տոնալտ Ռոշ իր գործակիցներուն հետ յաջողած է հիւանդներու սիրտը սառեցնելով վտանգաւոր գործողութիւններ կատարել եւ բուժել անոնց սրտի հիւանդութիւնները: Մինչեւ հիմա Լոնտոնի Կէյ հիւանդանոցին մէջ այս դրութեամբ կատարած է 36 գործողութիւններ եւ բոլորն ալ յաջողած են:
Խլիրդի ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Սերճիօ տէ Քարվալլօ յաջողած է մեկուսացնել արեան խլիրդի եւ առնէտներու խլիրդի այլ տեսակներու ժահրը եւ առնէտներու խլիրդին դէմ պատրաստել արդիւնաւէտ շիճուկ մը: Տոքթ. տէ Քարվալլօ յոյս ունի, որ այս շիճուկը մէկ տարիէն բաւական պիտի կատարելագործուի եւ մարդոց վրայ պիտի գործածուի: Մինչեւ հիմա պատրաստուած են հարիւրաւոր տեսակի շիճուկներ, որոնք փորձի ատեն անասուններուն վրայ կ՛ազդեն, բայց խլիրդէ տառապող մարդիկը չեն դարմաներ: