- Վերջերս, Գազապլանքայի ֆրանսերէն թերթերէն «Լա Վիժի Մարոքէն»ը եւ «Լը Փըթի Մարոքէն»ը գովեստով արտայայտուած են արուեստագէտ հայ ոսկերիչի մը, Վահան Մարգարեանի մասին։ 77 տարեկան հայ մասնատէտին գործերը այնպիսի հետաքրքրութիւն մը ստեղծած են հոն, որ նոյնիսկ Սատրուտին Աղա Խան, Մարոքէն անցքին, այցելած է հայ արուեստագէտին բնակարան - թանգարանը եւ հիացումով արտայայտուած ցուցադրուած փորագրութիւններուն մասին։ Վահան Մարգարեան ծնած է Պոլիս, Առաջին Աշխարհամարտէն ետք անցած Եւրոպա եւ չորս տարի բնակած Փարիզ, իսկ 1932-էն ի վեր կը մնայ Գազապլանքա։ Իր փորագրութիւններն ու քանդակները, ընդհանրապէս պղինձի վրայ, կը կազմեն 18 մեծ կտորներ։ Ներշնչումը ընդհանրապէս կրօնական է, ինչպէս՝ դրախտ (գլխաւոր գործը, կազմուած 175 մասերէ եւ 21 քիլօ ծանրութեամբ), Քրիստոսի ծնունդը, Մանկութիւնը, Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Համբարձում, Հոգեգալուստ եւայլն։ «Լա Վիժի Մարոքէն»ի թղթակիցը պրն. Մարգարեանի տուած իր այցելութենէն ետք հարց տուած է. «Եթէ համարձակէինք՝ պիտի հարցումներ ընէինք այս մարդուն։ Պիտի հարցնէինք թէ ինչո՞ւ, սրտի ի՞նչ մղումով տարիներու այս աշխատանքը։ Բայց պիտի կարենա՞ր արդեօք մեզի պատասխանել։ Կը ստեղծագործէ իր տիեզերքի սահմաններուն մէջ. անկէ դուրս չի գար։ Այնքան զգացուած կը խօսի իր գործի մասին։ Կը հաւատայ իր անձին, որովհետեւ տուած է իր առաւելագոյնը։ Կþապրի Գողգոթայի մշուշին մէջ, կը քնանայ խաչի մը շուքին տակ, եւ ունի մէկ գանգատ միայն, այն՝ թէ դատապարտուած է չճանչցուելու»։
- Մ. Նահանգներու տուրքի օրէնքները ուսումնասիրելու համար ամերիկեան կառավարութեան հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ այցելած է արժանթինահայ դատաւոր Ատոլֆօ Աջապահեան, ազգականը՝ գերշ. Խադ արք. Աջապահեանի։ Ան այցելած է ՄԱԿ-ի գրասենեակը եւ մաքուր հայերէնով խօսակցած ծանօթ լրագրող պրն. Լեւոն Քէշիշեանի հետ։