Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ժողովուրդի մը հետաքրքրութիւնը իր հայրենիքին հանդէպ, պարզ խնդիր մը չէ անտարակոյս, այլ՝ բարդ հարց մը, ուր բազմաթիւ ազդակներ դեր կը կատարեն: Նախ գոյութիւն ունի անշուշտ զգացական հետաքրքրութիւնը, սէրը, որ ընդհանրական է, իսկ մասնաւորաբար մեր ժողովուրդին նման արտասովոր եւ դժխեմ բախտի ենթարկուած հաւաքականութեան համար երբեմն առաջնահերթ դեր կը կատարէ, «մեր միակ յոյսն է, մեր փրկութեան ապաւէնն է, վերջապէս մեր հողն է» արդարացումներով, որոնք շատ բան կը ծածկեն աչքերէն կամ դատողութենէն այն մարդոց մանաւանդ, որոնք այդ «փրկութեան» շրջանին մէջ չեն ապրիր եւ ոչ ալ մտադրած են «փրկուիլ»: Կան քաղաքական նկատառումներ, որոնք մեր Դատին իրագործման համար անհրաժեշտ կը գտնեն բնականաբար ազգային կազմակերպուած հաւաքականութեան մը գոյութիւնը: Վերջապէս, հայրենիքի կարօտը, որ այնքան զօրաւոր բնազդ մըն է գրեթէ՝ այդ հողէն ծնունդ առած ըլլալու գիտակցութիւնը ունեցող ժողովուրդի մը համար: Որովհետեւ մեր ակնարկը կը վերաբերի սփիւռքի հայութեան դիրքին՝ հայրենիքի նկատմամբ, աւելորդ է ըսել, թէ վերոյիշեալ զգացական տարրերը կամ «իրապաշտ մօտեցումը», ինչպէս կը յայտարարուի երբեմն, կարեւոր դեր կատարած են բազմաթիւ հայերու, նոյնիսկ կազմակերպութիւններու «դիրքաւորման» մէջ՝ Խ. Հայաստանի հանդէպ: Առանց գաղափարական համակրանք ունենալու իսկ, բազմաթիւ հայրենակիցներ, լռելեայն կամ բացայայտ կերպով, ըսել ուզած են. եթէ կը սիրես հայրենիքը, պէտք չէ խօսիս անոր թերութիւններուն մասին, այլ գովես, գովաբանես  զայն: Այս տարօրինակ «փիլիսոփայութիւնը» կրնայ անկեղծ զգացումէ մը բխած ըլլալ, սակայն չի դադրիր տարօրինակ ըլլալէ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս՝ երբ մեր սիրած կամ գնահատած անձը կը ներկայացնենք իր առաւելութիւններով միայն՝ առանց երբեք անդրադառնալու անոր մեծ տկարութիւններուն, որոնք սակայն ակնբախ կերպով ուշադրութիւն կը գրաւեն եւ, հետեւաբար, ծիծաղելի կը դարձնեն մեր գովքը: