Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հրապարակային դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Վարչութեան ատենապետ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան բեմ հրաւիրեց Ս. Վրացեանը՝ դասախօսելու «Սփիւռք եւ հայրենիք» նիւթին շուրջ: Ս. Վրացեան ընդհանուր վերլուծումով ներկայացուց 1914-էն առաջ եւ ետքը, հայութեան գոյավիճակը եւ հետապնդած քաղաքական նպատակները: Հայութիւնը, չորս միլիոնէն ոչ շատ աւելի, բաժնուած էր երկու հատուածներու: Մէկ մասը՝ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, ուրոյն հոգեբանութեամբ, ապրելակերպով եւ ձըգտումներով: Միւս մասը՝ ռուսական կայսրութեան սահմաններուն մէջ, նոյնպէս ուրոյն լեզուով եւ ապրելակերպով: Եւ սակայն, հոգեկան կապ մը կար երկու հատուածներուն միջեւ: Ազգային մէկ ձգտում ունէին՝ Թրքահայաստանի ազատագրումը: Հոդ, ժողովուրդ ու պետութիւն իմաստով, կարելի չէ ըսել, որ հայրենիք ունէինք: Հայրենիք ունէինք գաղափարական տեսակէտով: Պատմականօրէն հայութեան հայրենիքին մէջ հայութիւն չկար: Չորս միլիոնին կէսը կը գտնուէր Թուրքիոյ եւ կէսը Ռուսիոյ զանազան շրջաններուն մէջ: Չկար նաեւ մնայուն մէկ տարածութիւն, ուր հայութիւնը մեծամասնութիւն կազմէր: Օրինակ, ռուսական 28 գաւառներուն մէջ ցրուած հայութիւնը միայն 4 գաւառի մէջ մեծամասնութիւն էր: Մշակոյթով եւ տնտեսութեամբ ալ հայութիւնը հայրենիք չունէր: Թուրքիոյ մէջ մշակոյթի եւ տնտեսութեան կեդրոններ էին Պոլիսը եւ Զմիւռնիան, իսկ Ռուսիոյ մէջ գլխաւորաբար՝ Մոսկուան, Պաքուն եւ Թիֆլիսը: Հայ ժողովուրդը իր բովանդակ ապրումներով եւ տնտեսութեամբ իր հայրենիքէն դուրս էր: Մէկ խօսքով, հայոց հոգեւոր եւ տնտեսական կեանքը հայրենիքի մէջ չէր: Ազգային բնոյթ ունեցող արդիւնաբերական ձեռնարկ ալ Հայաստանի մէջ չկար: Հայոց հարստութիւնը օտարներուն ձեռքն էր եւ կը ծառայէր օտարներուն համար: Պղինձը, որ Հայաստանի մեծ հարստութիւնն է եւ կաթնատնտեսութիւնը օտարներու ձեռքն էին: Նախապայմաններ, որոնք պիտի ծառայէին հայութեան զարգացման: