-Ամերիկայի նախագահ Ճոնսըն 24 Փետրուարին անձամբ ընդունած է Սպիտակ Տան լրագրող նկարիչներու ընկերակցութեան 22-րդ տարուան մրցանակակիրները, որոնց շարքին նաեւ՝ Լիբանանէն Ամերիկա մեկնած եւ հոն հաստատուած ծանօթ նկարիչ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հեծելարշաւի Լիբանանի նախկին ախոյեան Յարութիւն Նալչայեանը։ Մեր հայրենակիցը շահած է երկու մրցանակ։ Առաջին նկարին վրայ ան կը ներկայացնէ սիլուէթը երկու աշխատաւորներու, որոնք կը տեղաւորեն պողպատեայ տախտակներ շինութեան մը ընթացքին։ Երկրորդ նկարը, գունաւոր, կը ներկայացնէ խումբ մը հրշէջներ, որոնք նկարուած են կրակի տրուած տան մը առջեւ, փորձէ մը առաջ։ Ասիկա Նալչայեանի շահած առաջին մրցանակն է Ամերիկայի մէջ, 1957-ին, ան Լիբանանի մէջ շահած էր ֆրանսական մամլոյ գործակալութեան մը գլխաւոր մրցանակը։ Նալչանեան Արժանեաց կարգի շքանշանը, որ ստացած է 1958-ին, նախագահ Քամիլ Շամունէն։ Նալչայեան ծնած եւ իր կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի մէջ։ Շրջան մը, ան ունեցած է իր սեփական լուսանկարչատունը, ինչպէս նաեւ գործած է «Էյ Փի»ի, «Փարի Մաչ»ի, «Ռատար»ի եւ «Իլլիւթրասիոն»ի համար։ 1952-ին, Պէյրութի մօտերը խրած Շամփոլիոնի իր նկարը տպուած է «Մաչ»ի կողքին եւ շատ մը եւրոպական թերթերու մէջ։ 1952-ին, ան եղած է Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան, ամերիկեան Տեղեկատու Դիւանի եւ ԷՅՏ գործակալութեան գլխաւոր նկարիչը։ Վեց տարի առաջ, Նալչայեան մեկնած է Ամերիկա։ 1959-ին ան մտած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին մէջ որպէս գլխաւոր նկարիչ։ Նոյն թերթի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին է որ Նալչայեան բախտը ունեցած է հանդիպում ունենալու իր հիացած անձերէն մէկուն, հանրածանօթ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի, ր իր կարգին հայ մըն է։ Պէյրութ եղած միջոցին, Նալչայեան նախագահած է նկարիչներու կողմէ հիմնուած Քարշ Քլապին։ Ամերիկա գտնուած շրջանին, Նալչայեան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է «Ամերիկայի Ձայն»էն։