- Գահիրէի «Ռոզա էլ Եուսէֆ» շաբաթաթերթը վերջերս հետեւեալ տողերը գրած է յիսնամեակի մասին.¬ «Գահիրէի մէջ պատրաստութիւններ սկսած են՝ տօնելու համար 25 հազար եգիպտահայութեան կողմէ՝ յիսնամեակը «Արարատեան ջարդին», որու ընթացքին թուրքերը մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդեցին։ Գահիրէի լուսաւորչական, կաթողիկէ եւ բողոքական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցական արարողութիւն, որմէ ետք, հայ գաղութը պիտի հաւաքուի սրահի մը մէջ, հաւանաբար «Օփերա» թատրոնը, ուր զանազան բանախօսներ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան՝ որ հիւրընկալեց ներկայ սերունդի ծնողները, որոնք յաջողած են սպրդիլ եւ ազատիլ յիսուն տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերէն։
- Թրքական «Ուլուս» թերթը անդրադառնալով Թուրքիայէն իրենց արտաքսման յիսնամեակին առթիւ անկախ պետութեան ստեղծման իրենց պահանջը ներկայացնելու համար Լիբանան հաստատուած հայոց սկսած նախապատրաստութեանց՝ ի միջի այլոց կը գրէ. «Զարմանալի է, որ այսքան տարիներ անցնելէ յետոյ, հայերը այս տեսակ գրգռիչ արտայայտութեանց կը պատրաստուին։ Անոնց ծրագրած այս արշաւանքը՝ լարուածութիւն պիտի ստեղծէ Թուրքիոյ եւ Լիբանանի յարաբերութեանց մէջ, որովհետեւ, պիտի նկատուի՝ թէ Լիբանան նպատակաւոր կերպով կը հանդուրժէ իր հողին վրայ այս տեսակ արտայայտութեանց եւ հետեւաբար, արգելք կը հանդիսանայ Միջին Արեւելքի մէջ, երկիրներու միջեւ անկեղծ գործակցութեան հաստատման»։
- Հարաւային Ֆրանսայի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Մարսիլիոյ Պուլվառ Օտտոյի հայոց եկեղեցւոյ ատենապետ պրն. Երուանդ Զարդարեան մէկ միլիոն ֆրանք նուիրած է յիշեալ եկեղեցւոյ վերաշինութեան ու բարեզարդման համար։