- Դատական նախարարութիւնը, անչափահասներու ոճրականութեան առաջքը առնելու համար, կարեւոր որոշումներ տուաւ։ Նախ՝ վարչապետարանի նախարարութեան դիմելով առաջարկեց որ այսուհետեւ արգիլուի ձայնասփիւռէն ոստիկանական պատմութիւններու հեռարձակումը։ Ապա՝ հանրային բարեկարգութեան նախարարութեան դիմելով պահանջեց՝ որ վարժարաններու եւ կրթական այլ հաստատութիւններու մօտ արգիլուին խաղարանները եւ այլ զբօսավայրերը, որոնց թիւը վերջերս աւելցած է մտահոգիչ ըլլալու աստիճան եւ որոնք խիստ վտանգաւոր են երիտասարդութեան համար։ Նախարարութիւնը ի վերջոյ պահանջեց, որ շարժանկարի սրահներուն մէջ աւելի խիստ քննութիւն կատարուի, որովհետեւ, շատ անգամ, անչափահասներու համար անվնաս ժապաւէններու ցուցադրութեան ատեն, դադարի միջոցին, կը ներկայացուին յաջորդիւ ցուցադրուելիք ժապաւէններէն զանազան մասեր, որոնց մէջ յաճախ, անչափահասներու համար արգիլուած տեսարաններ ալ կը գտնուին։ Նախարարութիւնը կþըսէ՝ թէ Աթէնքի շուրջ գտնուող փոքր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, անյարմար ժապաւէններու ցուցադրութեան ատեն, անչափահասներու մուտքի դէմ ոչ մէկ արգելք կը դրուի, ինչ որ շատ սխալ է։
- Կիրակի իրկուն Կիպրոս վերադարձաւ Կիպրոսի զինեալ ուժերու պետ զօրավար Ղրիվաս¬Տիյէնիս, որ Աթէնք եկած էր, վարչապետ պրն. Բաբանտրէուի, պաշտպանութեան նախարար պրն. Ղարուֆալիասի եւ արտաքին նախարար պրն. Քոսթոփուլոսի հետ խորհրդակցելու Կիպրոսի կացութեան շուրջ։ Զօրավարը Աթէնք բնակութեան ընթացքին, ընդունուեցաւ նաեւ վեհապետին կողմէ, որուն տեղեկութիւններ տուաւ Կիպրոսի կացութեան մասին։ Զօրավար Ղրիվասի հետ Կիպրոս մեկնեցաւ նաեւ ազգային պաշտպանութեան նախարար պրն. Ղարուֆալիաս, որ խօսակցութիւններ պիտի ունենայ նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոսի հետ։ Կիպրոս վերադարձաւ նմանապէս, Յունաստանի դեսպան պրն. Ալեքսանտրաքիս, որ Աթէնք եկած էր կառավարութեան հրաւէրով։