Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Գէորգ Չաթալպաշեան, ընդառաջելով Խորէն Ա. կաթողիկոսի խնդրանքին, յանձն առած է կաթողիկոսարանի համար նոր եւ փառաւոր վեհարանի մը շինութեան բարերարութիւնը: Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ վեհափառ հօր տարիներու երազը՝ հին վեհարանը փոխարինելու արդիական շքեղ վեհարանով մը, շուտով պիտի դառնայ իրականութիւն: Երկյարկանի նոր վեհարանը մեծածախս շինութիւն մը պիտի ըլլայ եւ պիտի արժէ շուրջ 300,000 լ. ոսկի, թերեւս՝ քիչ մը աւելի կամ քիչ մը պակաս: Պիտի կառուցուի նախկին վեհարանին տեղը, քիչ մը ետ քաշուելով դէպի ծովեզերք, որպէսզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ վեհարանին միջեւ գտնուած բակը շուրջ 30 մեթր ընդարձակուի: Շուտով պիտի հրաւիրուին անուանի քանի մը ճարտարապետներ, որպէսզի տեղւոյն վրայ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները  կատարեն: Վեհափառ հայրապետը, ազգին եւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին բարերարը պիտի նկատէ Գէորգ Չաթալպաշեանը եւ իր յարմար ժամանակին, հայրապետական պաշտօնական կոնդակով պիտի հռչակէ ազգային բարերար՝ պարգեւատրելով նաեւ նոր հաստատուած Կիլիկեան Ս. Աթոռի «Մեծ խաչ» շքանշանով: Գէորգ Չաթալպաշեան պիտի ըլլայ երկրորդ անձը՝ այս մեծ շքանշանը ստացող: Առաջինը ստացած էր Եթովպիոյ Հայլէ Սելասիէ կայսրը:

- Առաջին հայերէն տպագիր օրացոյցը լոյս տեսած է Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ 1565-ին, Աբգար Թոքատցի հայ տպագրիչին ջանքերով։ Այս օրացոյցը տպագրուած թերթ մըն էր թուղթի վրայ, բազմատեսակ աղիւսակներով ու թիւերով եւ կը կոչուէր «Խառնափընթուր տումարի գեղեցիկ եւ պիտանի»։ Այնուհետեւ մինչեւ դարի վերջը հայերէն օրացոյցները, որ կը կոչուէին «տոմար» լոյս տեսած են Հռոմի, Ամսթերտամի, Վենետիկի եւ Կոստնադնուպոլսոյ մէջ։ 19-րդ դարուն արդէն անոնք կոչուած են օրացոյց կամ ծոցի օրացոյց եւ տպագրուած Էջմիածնի, Երսուսաղէմի եւ Վենետիկի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Այդպիսի օրացոյցներ յետագային սկսած են լոյս տեսնել նաեւ Երեւանի, Ռոստովի, Ալեքսանդրապոլի եւ Թիֆլիսի մէջ։