Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ռուսերէնով լոյս տեսաւ Սայաթ Նովա գիրքը, ուր զետեղուած են ծանօթ աշուղին լաւագոյն գործերը: Գիրքը պատրաստած եւ յառաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները գրած է Սուրէն Գաշսարեան: Զետեղուած կտորները թարգմանուած են Վալերի Բրիւսովի, Ս. Շերվինսքիի, Վ.

Զվեազինցեւայի, Մ. Լոզինսքիի եւ ուրիշներու կողմէ: Գիրքին տպաքանակն է 25.000, կը բաղկանայ 280 էջերէ:

- Նիւ Եորքի «Սթաթլըր» պանդոկին մէջ տեղի  ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ կրթական հիմնարկութեան Պատգմաւորական ժողովը: Բացումը կատարած է առաջնորդական տեղապահ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան: Կարդացուած են Զարեհ կաթողիկոսի եւ Լիբանանի առաջնորդ Խորէն արք. շնորհաւորական հեռագիրները: Պատգմ. ժողովի աշխատանքներուն նախագահած է Կրթ. հիմնարկութեան ատենապետ ծանօթ մարդասէր Յովսէփ Փիրումեան: Հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդին քարտուղար Հերի Քարեան կարդացած է կազմակերպութեան գործունէութեան տարեկան տեղեկագիրը: Արշի Տիգրանեան կարդացած է զեկոյց մը՝ Ամերիկայի մէջ ազգային կրթարան մը հաստատելու մասին: Հիմնարկութեան վերաբերող հարցերու մասին խօսած են՝ Քարեան, Կռանեան եւ Մարգարեան:
Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ բաժին մը: Հաստատուած է , թէ հիմնարկութիւնը աշխուժ ու կորովի գործունէութիւն մը ունեցած է՝ օժանդակելով միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հայ կրթարաններու: Հիմնարկութիւնը տուած ու գործադրած է գեղեցիկ որոշում մը՝ կազմելով մնայուն դրամագլուխի ֆոնտ մը, իր հիմնադիր-անդամներուն նուէրներով: Այդ առիթով պաշտօնապէս հաղորդուած է, թէ 22 Ապրիլ 1961-ին գոյացած է 260.000 տոլարի գումար մը, Ֆրեզնոյի մէջ ծախելով այն կալուածը, զոր նուիրած էր բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան: Ներկայիս կրթական հիմնարկութեան դրամագլուխն է մօտ 300, 000 տոլար: