Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- «Օլիմպիաքի» օդանաւային ընկերութիւնը նոր գիծեր պիտի հաստատէ Յունաստանի եւ արտասահմանեան զանազան երկիրներու միջեւ։ Այսպէս գոյութիւն ունեցող տեղեկութեանց համաձայն, ամրան շրջանին՝ «Օլիմպիաքի»ն պիտի հաստատէ Լոնտոն-Քերքիրա-Աթէնք եւ Աթէնք-Քերքիրա-Լոնտոն գիծ մը, որ կը կարծուի՝ թէ մեծ թիւով օտար զբօսաշրջիկներ պիտի առաջնորդէ դէպի Յունաստան։ Ասկէ զատ, «Օլիմպիաքի» պիտի հաստատէ զեղչուած գիներով՝ Ֆրանքֆուրթ-Ցիւրիխ-Աթէնք գիշերային գիծ մը։ Նմանապէս պիտի վերահաստատէ Հռոդոս¬Թել Աւիվ զբօսաշրջական գիծը։ Հաւանաբար՝ Պէյրութ-Հռոդոս գիծ մըն ալ հաստատէ։

- Անցեալ օր, Բիրէայի նաւահանգիստը խարսխած «Կրիք Լայն» ընկերութեան պատկանող «Էմփրէս օֆ Պրիթէյն» անդրովկէանոսեան նաւը վերամկրտուեցաւ եւ կոչուեցաւ «Աննա-Մարիա թագուհի»։ Արարողութեան ներկայ էին՝ թագաւորն ու թագուհին, վարչապետը, խորհրդարանի նախագահը, բազմաթիւ նախարարներ եւ այլ պաշտօնական դէմքեր։ Եկեղեցական արարողութենէն յետոյ, նաւատէր ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն պրն. Ե. Ղուլանտրիս թագուհիէն խնդրեց բանալ յունական դրօշի գոյներով ծածկուած յիշատակի տախտակը։ Թագուհին բացաւ տախտակը, որուն վրայ գրուած էր. «Աննա-Մարիա թագուհի անդրովկէանոսեան»։ Ապա՝ թագաւորը, թագուհին, վարչապետը եւ պաշտօնական միւս հիւրերը, այցելելէ ետք նաւուն զանազան մասերը, մասնակցեցան հացկերոյթի։ Նոր անդրովկէանոսեանը 26 հազար 300 թոն տարողութիւն ունի եւ 21 հանգոյց արագութիւն։ Երկայնքը 600 ոտք է, իսկ լայնքը՝ 85։ Կրնայ փոխադրել 1311 ճամբորդներ, որոնցմէ 168 Ա. կարգի եւ 1143ը թուրիստական։ 482 հոգինոց անձնակազմ ունի։

- Անգլիական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց երկու անձեր, այն ամբաստանութեամբ՝ թէ գաղտնի վաւերագրեր գողցած եւ թշնամիին տուած են։ Ձերբակալուածներէն մէկը պատերազմական նախարարութան մէջ ծառայող յիսնապետ մըն է։