Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ վարչութիւնը, կազմակերպեց Բարեկենդանի աւանդական մանկական պարահանդէս։ Բազմաթիւ դեռատի մանչեր եւ աղջիկներ Բարեկենդանի յատուկ տարազներով, իրենց ծնողաց հետ փութացած էին «Զաւարեան» սրահը։ Տղաքը զուարճացան պարելով եւ երգելով իսկ ծնողները իրենց հոգեհատորներուն ուրախութիւնը դիտելով։

- Գոքինիոյ Հ. Կ. Խաչի վարչութիւնը կազմակերպած էր Բարեկենդանեան տարեկան ընդանեկան մեծ պարահանդէս մըն ալ։ Սրահը ծայրէ ծայլ լեցուն էր Այ Ռենտիէն, Բիրէայէն, Գարէայէն, Գոքինիայէն ժամանած մեծ թիւով հայրենակիցներով, որոնք ժամանակէն շատ առաջ եկած գրաւած էին սեղանները, մինչեւ իսկ Զաւարեանի զոյգ սենեակները։ Զաւարեանի սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր Բարեկենդանեան գոյնզգոյն զարդերով։ Խորհրդաւոր գունաւոր լոյսեր, օրուան յատուկ փայլ եւ ջերմիկ մթնոլորտ ստեղծած էին։ Սեղանները լեցուն էին ճոխ պնակներով, գինիով եւ գարեջուրով։ Սպասարկութիւնը արագ եւ անթերի էր, կերակուրները շատ համեղ, պատրաստուած՝ հայկական կերակուրներու վարպետ՝ Խաչուհիներուն կողմէ։ Նուագախումբը կը նուագէր եւրոպական հին եւ նոր պարեր, մեծ հաճոյք պատճառելով պարող զոյգերուն եւ դիտողներուն։ Թամատա ընկ. Մխիկեան, կրնանք ըսել, որ շատ լաւ կատարեց իր դժուարին պաշտօնը։ Իւրայատուկ, ինքնաբուխ սրամտութիւններով, հաճելի կատակներով եւ անեքթոտներով վարեց պարահանդէսը մինչեւ առաւօտ, լարուած պահելով ներկաներու ուշադրութիւնը եւ պարգեւելով անոնց զուարթ ժամեր։ Անակնկալներու կարգին նորութիւն էր ընկ. Ստ. Խանիկեանի սերպական մենապարը։ Համեստ ուժ մը՝ օր. Շ. Վարդանեան, թամատայի հրաւէրին վրայ բեմ բարձրացաւ եւ դաշնակով ընկերացաւ նուագախումբին, հիացում պատճառելով բոլորին։ Ընկ. Մ. Աջապահեան երգեց «Չարշըլը Արթին Աղա» օփերէթէն կտոր մը, դաշնակի ընկերակցութեամբ պրն. Ա. Գազանճեանի։ Ներկաները ակամայ հրաժեշտ առին, անմոռանալի ժամեր անցուցած ըլլալով։