Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Վրաստանի հայոց առաջնորդ Կոմիտաս եպս. Տէր Ստեփանեան, Գահիրէի մէջ, մասնաւոր ժամադրութեամբ տեսակցութիւն մը ունեցած է «Յուսաբեր»-ի թղթակիցին հետ: Ան հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է Վրաստանի հայութեան մասին.- Վրաստանի հայութիւնը, ըստ 1959-ի մարդահամարին, մօտ կէս միլիոն է, մօտաւորապէս հետեւեալ բաժանումներով. Թիֆլիս՝ 250.000, Պաթում՝ 20.000, Սոչի, Սոխում, Կակրա, սեւծովեան շրջան՝ 70.000, Ախալքալաք եւ Ախալցխա՝ 120.000, եւ այլ շրջաններ՝ 40.000: Թիֆլիսի բնակչութեան ընդհ. թիւն է 800.000, այնպէս որ, ներկայ հայութիւնը Թիֆլիս քաղաքի բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդն է: Որոշ է, որ վերջին մարդահամարէն ասդին հինգ տարի անցած է եւ այդ թիւը բարձրացած է: Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի շըրջանները ունին մէկական եկեղեցի: Միւս շրջանները եկեղեցի չունին: Արեւելահայութեան «պանթէոն»-ը նկատուող Թիֆլիսի Խոջավանքի գերեզմանը, ուր թաղուած են ամէն դասի պատկանող մեծ դէմքերը, քանդուած է, սակայն այդ գերեզմանատան մէկ մասը դեռ կը մնայ, ուր փոխադրուած են քանդուած մասին մէջ թաղուած 38 մեծանուն հայերու աճիւնները, եւ որ վերածուած է «Պանթէոն»-ի: Վերջերս այնտեղ թաղուեցան Վրաստանի հայութեան մեծանուն դէմքերէն ժողովրդային դերասաններ Փիրումեան եւ Լուսինեան: Խոջավանքի գերեզմանատան քանդումի ընթացքին մասնաւոր կերպով Մէյտանի Ս. Գէորգ եկեղեցին փոխադրուեցան աճիւնները հայ մեծ զինուորականներ Լորիս Մելիքովի, Տէր Ղուկասովի, Շելկովնիկովի եւ Լազարովի: Թիֆլիսը առանձին առնելով ունի տասնմէկամեայ 13 վարժարաններ՝ շուրջ 15.000 աշակերտներով: Մինչեւ վեցերորդ դասարան դասաւանդութիւնը զուտ հայերէն է: Եօթներորդ դասարանէն կը սկսին աւանդուիլ վրացերէն եւ ռուսերէն լեզուները: Այդ վարժարաններէն վկայական ստացող աշակերտներէն շատեր Երեւանի համալսարանը կ՛երթան իրենց ուսումը շարունակելու համար: Վրաստանի հայութիւնը է ու կը մնայ մէկ անանջատելի մասը բովանդակ հայութեան: Մեր ազգային բոլոր հարցերուն հանդէպ նոյն մտահոգութիւնները եւ բաղձանքները ունին: Ան իր ամբողջ հոգիով կը զգայ եւ կ՛ապրի Ապրիլեան եղեռնը: