Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, սովորութիւն դարձած տօներն ու ծէսերը այսուհետեւ տեղի պիտի ունենան հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ։ Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ կը պատրաստուին մասնաւոր շէնքեր, ուր տեղի պիտի ունենան ամուսնութիւններ, մկրտութիւններ, չափահասութեան տարիքին հասած երիտասարդներուն ու երիտասարդուհիներուն անցագիր յանձնելու արարողութիւններ եւայլն։ Կարելի է ամուսնութեան ու ծնունդի արձանագրութիւնները կատարել նաեւ մշակոյթի պալատներուն ու տուներուն մէջ։ Սովորութիւն դարձած տօներու եւ ծէսերու կազմակերպումին պիտի մասնակցին նաեւ շրջանային ու քաղաքային խորհուրդի գործադիր կոմիտէները, սենտիքաները եւ այլ հասարակական ու կառավարական կազմակերպութիւնները։

- Հունգարիոյ Ընկերվարական¬Բանուորական կուսակցութեան պատուիրակներ Երեւան հասած եւ առաջին առթիւ այցելած են Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանն ու գոնեակի գործարանը։ Գացած են Էջմիածին՝ տեսնելու համար հայկական հին ճարտարապետութեան յուշարձանները։ Հունգարական պատուիրակութեան նախագահը՝ Ֆրիտիշ Պույան, իր ընկերներով ներկայացած է Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի պաշտօնատունը, ուր տեսակցութիւն մը ունեցած է երկրորդ քարտուղար Յովհ. Բաղդասարեանի հետ։ Այս հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Գ. Տէր Ղազարեանց, Վ. Աւետիսեան, Մ. Խարազեան, Վ. Կրիւչկով եւ Գորբավոչ։ Հիւրերը հրաւիրուած են նաեւ Սպենդիարեան օփերայի մէջ «Անուշ»ի ներկայացման։

- Սովիէթ Միութեան Աթէնքի դեսպան պրն. Գորիուկին, վարչապետ պրն. Եորղիոս Բաբանտրէուին այցելելով՝ իր կառավարութեան կողմէ զայն պաշտօնապէս հրաւիրեց Մոսկուա այցելելու։ Վարչապետը հրաւէրը ընդունեց։ Սովիէթ դեսպանը առիթէն օգտուելով՝ վարչապետին հետ խօսեցաւ երկու երկիրներու յարաբերութեանց վերաբերեալ հարցերու ինչպէս նաեւ միջազգային հարցերու շուրջ։