Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Միացեալ Նահանգներու մեծանուն լրագրողներէն Տրիւ Փերսըն «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին մէջ գրած է ուշագրաւ յօդուած մը, որուն կարեւոր մասերը կու տանք ստորեւ.- Պալքանեան ժողովուրդներուն մէջ նուազած չէ այն ատելութիւնը, զոր ունին Թուրքիոյ հանդէպ: Իսկ այդ ատելութիւնը կը սկսի 1500-էն, երբ թուրքերը արշաւեցին Պալքանեան թերակղզիին վրայ եւ բռնութեամբ իրենց լուծը պարտադրեցին հոն ապրող ժողովուրդներուն՝ յոյներուն, եուկոսլաւներուն, պուլկարներուն, ռումանացիներուն: Վերջին աշխարհամարտէն ետք, երկու տարի անձամբ գտնուեցայ ատենօք թուրք իշխանութեան տակ ստրկացուած Յունաստանի եւ Եուկոսլաւիոյ զանազան վայրերուն մէջ: Տեսայ, որ թուրքերու հանդէպ ատելութիւնը կը յարատեւէ նոյնիսկ այն պարագային, երբ Թուրքիա կը ջանայ ըլլալ լաւ դրացի՝ այս երկու երկիրներուն: Նման ընթացքն իսկ Պալքանեան ժողովուրդներու յիշողութենէն չի ջնջեր այն հալածանքները, զորս կրած են թուրք տիրապետութեան շրջանին: Կիպրոսի մէջ յոյն մեծամասնութեան կողքին կայ թուրք փոքրամասնութիւն մը, որուն հանդէպ յոյները նոյն ատելութիւնը կը տածեն: Ճոնսընեան վաճառքի ատեն թերեւս նպաստաւոր պարագայ մը նկատուի այն խօսքը, թէ վարչապետ Ինէօնիւ դէմ եղած է յատկապէս յոյները հալածելու քաղաքականութեան: Սակայն Ինէօնիւ շուտով 80 տարեկան կ՛ըլլայ եւ յաւիտեան պիտի չապրի: Միւս կողմէ, այս մանրամասնութիւնը որեւէ չափով չի փոխեր Թուրքիոյ չարաբաստիկ համբաւը՝ իբրեւ Եւրոպայի եւ Ասիոյ հայերն ու այլ քրիստոնեայ ժողովուրդները ջարդողի: Միայն վաթսուն տարի առաջ էր, որ հարկ եղաւ անգլեւֆրանսական ուժեղ միջամտութիւն մը՝ կասեցնելու համար թուրքերու կողմէ գործադրուած ջարդ մը, որ արդէն իսկ խլած էր 80 հազար զոհեր: Եւ տակաւին 1915-ին էր, որ Թուրքիա մորթեց ու մորթոտեց անթիւ ու անհամար հայեր՝ տղամարդ, կին ու մանուկ, վերապրողներ անապատ քշելով, որպէսզի հոն աւանդեն իրենց հոգին: Կրնան գտնուիլ այնպիսի մարդիկ, որոնք այս բոլորին մասին ըսեն՝ «Հի՛ն պատմութիւն է ատիկա»: