- Արարատեան դաշտին մէջ 30.000 հեկտար տարածութեամբ հող, անօգտագործելի է մշակութեան համար, որովհետեւ աղ կը պարունակէ։ Հողը աղազերծելու ուղղութեամբ երկու տարիէ ի վեր աշխատանքներ կը կատարուին։ Ցարդ 520 հեկտար հող կարելի եղած է մշակել։ Ըստ ծրագրի, տարին 2.000էն 2.600 հեկտար պիտի աղազերծուի։
- Հայաստանի բազմագոյն գորգերը մեծ ընդունելութիւն գտած են արտասահմանեան զանազան երկիրներու եւ յատկապէս՝ Անգլիոյ, Իտալիոյ, Շուէտի եւ Նորվեկիոյ գնորդներուն կողմէ։ Միայն անցեալի տարուան ընթացքին, նախատեսուած հինգ հազար քառակուսի մեթրին դիմաց, այդ երկիրները ղրկուած են եօթը հազար քառակուսի մեթր հայկական զարդանկարներ կրող գորգեր։ Վերոյիշեալ երկիրներու կողմէ տրուած ապսպրանքի վրայ, այս տարի պիտի արտադրուին տասնըչորս հազար քառակուսի մեթր «Երեւան», «Լոռի», «Սեւան», «Անի» եւ այլ տեսակի գորգեր։ Արդէն արտասահման ղրկուած են մօտաւորապէս երեք հարիւր գորգեր։ «Հայգորգ» հաստատութիւնը Լայփցիկի միջազգային ցուցահանդէսին ղրկած է հայկական գորգերու տասը նոր նմուշներ։ Հայկական գորգեր պիտի ցուցադրուին նաեւ՝ Թեհրանի, Իզմիրի, Զակրէպի եւ Լոզանի ցուցահանդէսներուն մէջ։
- Անցեալ տարի, 650 հազար հոգի այցելած են Հայաստանի 19 թանգարանները, որոնց մէջ կեդրոնացած են 350 հազար իրեր։ Այդ իրերը կը պատկերացնեն մեր պատմութեան ու մշակոյթին բոլոր երեսները։
- Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ ի մէջ այլոց կը գտնուի նաեւ բանաստեղծ Վահան Տէրեանի արխիւը, ուր ամփոփուած են մեծ բանաստեղծին անձնական թուղթերը, նկարները եւ ձեռագիրներէն շատերը։