Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Վերջերս Աթէնքի ամէնէն շքեղ պանդոկներէն «Ամպասատէօր»ի լայնարձակ սրահին մէջ, փայլուն յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի եւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի տարեկան միացեալ մեծ պարահանդէսը, աննախընթաց երկսեռ բազմութեան մը ներկայութեան եւ խանդավառ հայկական մթնոլորտի մէջ։ Ընտիր նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ մինչեւ առաւօտեան ժամերը, ներկաները պարեցին ու զուարճացան։ Տեղի ունեցաւ նուէրներու վիճակահանութիւն, որուն տոմսերը անմիջապէս սպառեցան եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ շահեցան արժէքաւոր ու գեղեցիկ նուէրներ, տրամադրուած հելլէն եւ հայ վաճառականներու եւ բարեկամներու կողմէ։ Այս պարահանդէսի արձանագրած փայլուն յաջողութեան համար իսկապէս կþարժէ շնորհաւորել կազմակերպիչ միութիւնները եւ բոլոր այն օրիորդներն ու պարոնները, որոնք իրենց նուիրեալ աշխատանքով մեծապէս նպաստեցին տարեկան այս միացեալ պարահանդէսի բարոյական ու նիւթական փայլուն յաջողութեան։
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան կողմէ կազմակերպուած Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած յուշատօնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 24ին Աթէնքի Հելլէնեւամերիկեան միութեան շքեղ սրահին մէջ։ Յուշատօնի նախագահ՝ եղբ. Լեւոն Գայեան, շատ սեղմ տողերով բացատրելէ ետք օրուան խորհուրդը, ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու Վարդանանց հերոսամարտի եւ Յիսնամեակի տարիին առթիւ Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներու յիշատակը։ Եղբ. Միհրան Սարգիսեան կարդաց յունարէն ուղերձ մը, ամփոփ տողերու մէջ պատկերացնելով Վարդանանց պատերազմի պատմականը եւ նպատակը։ Օր. Հ. Յակոբեան արտասանեց Յ. Ճէլալեանի «Խորհուրդն Աւարայրի»ն, օր. Ն. Հովարտեան դաշնակի վրայ նուագեց Լիսթի Հունգարական հագներգը, օր. Ա. Պօղոսեան՝ Վ. Թէքէյեանի «Լուսաւորչի Կանթեղը», եղբ. Քր. Սիւսլեան՝ Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր Հողը» իսկ տիկ. Արուս Գրիգորեան մեներգեց Գալֆայեանի «Նոր օրօր» եւ Կոմիտասի «Հոյ Նազան» երգերը, դաշնակի ընկերակցութեամբ օր. Է. Ճէլալեանի։